ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն համար շաբաթավերջին հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը։ Պայթումի զոհերու յիշատակին նուիրուած քառասնօրեայ հոգեհանգստեան կարգին նախագահեց Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան։ Ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժնի վարիչ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։

Լիբանանահայ համայնքէն ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որու ընթացքին Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան փոխանցեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրական օրհնութիւնը։ «Կը հայցենք Տիրոջ զօրակցութիւնը՝ յաղթահարելու համար վշտի ցաւը եւ ծանր աւերներու հետեւանքները։ Թող Տէրը սփոփէ սգացեալներու սրտերը եւ արագ ապաքինում պարգեւէ հազարաւոր վիրաւորեալներուն», ըսաւ Նորին Սրբազնութիւնը։ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2020