ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին այցելեց Ժընեւ։ Կարմիր Խաչի շրջանակներէն ներս Հայաստանի ի նպաստ ձեռնարկի մը մասնակցելու առընթեր, Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց զուիցերահայութեան տեսակէտէ շատ յատկանշական յոբելեանի մը։ Այսպէս, Ժընեւի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը բնորոշուեցաւ երէկ մատուցուած Հայրապետական մեծահանդէս Ս. Պատարագով։ Նորին Սրբութեան առընթերակայ էր Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին զուիցերահայոց առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Վարդապետ Ալճանեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեան։ Վեհափառ Հայրապետը տուաւ օրուան պատգամը։

Եկեղեցական արարողութենէն վերջ, յոբելեանին առթիւ կազմակերպուեցաւ նաեւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2019