ԸՆԴԼԱՅՆՈՒԱԾ ՆԻՍՏ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց համագումար։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ գումարուեցաւ ընդհանուր ժողովը, որ ունէր հերթական բնոյթ եւ առաջնորդարանի յարկէն ներս տեւեց ամբողջ աշխատանքային օր մը։

Նիստերու սկիզբէն առաջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որու վերջաւորութեան ալ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ընդլայնուած նիստը սկսաւ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի բացման խօսքով։ «Այսօրինակ համագումարները կոչումի նորոգութեան, պարտականութեանց վերարժեւորման եւ անդրադարձի առիթ են։ Մեզի ուժ ու եռանդ կու տան, որպէսզի կարողանանք առաւել հոգեւոր վերարթնութեամբ եւ արդիւնաւոր կերպով մեր ծառայութիւնը բերել Աստուծոյ անդաստանին մէջ», ըսաւ ան։

Օրակարգի վրայ ընդգրկուած հարցերուն կապակցութեամբ զանազան հոգեւոր հայրեր ներկայացուցին զեկուցումներ։ Եկեղեցականները մանրամասնօրէն անդրադարձան նաեւ ծիսական ու գործնական այլ հարցերու, որոնք հովուական կեանքի մէջ մնայուն նշանակութիւն ունին։ Ժողովի եզրափակիչ փուլին քննարկման առարկայ դարձան այլ քանի մը կարեւոր հարցեր, որոնք կը վերաբերէին Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի կեանքին, ինչպէս նաեւ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած կացութեան։

Ըստ Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան, հոգեւորականաց համագումարը աւարտին հասաւ Նորին Սրբազնութեան օրհնութեան խօսքով, աղօթքով եւ «Գովեա Երուսաղէմ» շարականի երգեցողութեամբ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2021