ՎԱՏԻԿԱՆԻ Բ. ԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՄԱՆ 60-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի նախագահութեամբ Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ նախընթաց օր երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որ ձօնուած էր Վատիկանի Բ. ժողովի բացման 60-ամեայ յոբելեանին։ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանն ալ մասնակցեցաւ այս պատմական արարողութեան, որու ընթացքին Սրբազան Պապը խօսեցաւ քարոզ մը։

Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Վատիկանի Բ. ժողովը սկսած էր երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ. Պապի գահակալութեան վերջին տարին եւ աւարտին հասած էր՝ 1966 թուականին, Պօղոս Զ. Պապի գահակալութեան ժամանակահատուածին։ 1963 թուականին, Պօղոս Զ. Պապի հրաւէրով Վատիկանի Բ. ժողովին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ երկուքական ներկայացուցիչ ներգրաւուեցաւ աշխատանքին։ Վատիկանի Բ. ժողովի ընթացքին հաստատուած էին շարք մը կարեւոր փաստաթուղթեր՝ ներառեալ քրիստոնեայ դաւանանքներու միութեան մասին։ Անոնց հիման վրայ նոր էջ մը բացուած էր միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն մէջ եւ էքիւմենիք հարթութեան վրայ լրիւ նոր շրջան մը սկսած էր։ Այդ նոյն փաստաթուղթին ի շարունակութիւն՝ 1970 թուականի մայիսին, երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այցելած էր Վատիկան, իր հետն ունենալով Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ աթոռներու պատրիարքները։ Պատմական այդ այցելութեան աւարտին ստորագրուած էր նաեւ համատեղ յայտարարութիւն մը։

Ուրեմն, Վատիկանի մէջ այս յոբելեանին առթիւ կազմակերպուած հանդիսաւոր աղօթքին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ներկայութիւնն ալ ունեցաւ առանձնայատուկ իմաստ, ինչ որ առիթ դարձաւ այդ դրական յիշողութեան թարմացման։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2022