ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԻՆՔՆԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ «ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՐՏԷԶ»ԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՀԱՐՑԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Պաղեստինի ինքնավարութեան Եկեղեցիներու հարցերով բարձրագոյն նախագահական կոմիտէի ղեկավար Մուհսին Իլիաս Եուսուֆ Խուրիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ «Կովերու պարտէզ» կալուածի վարձու տրուելու խնդրին, ինչպէս նաեւ հայկական քրիստոնէական սրբավայրերու ու պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերուն։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, կարեւորուեցաւ եկեղեցիներու եւ կրօններու միջեւ յարաբերութիւններու եւ երկխօսութեան զօրացումը։

Միւս կողմէ, Պաղեստինի պատուիրակութիւնը երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Այս առթիւ զրուցակիցները անդրադարձան հայ-արաբական՝ դարաւոր պատմութեամբ եւ զանազան ոլորտներէ ներս արդիւնաւէտ համագործակցութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններուն եւ անոնց զարգացման հեռանկարներուն։ Կարեւորուեցաւ հայ համայնքի դերը Պաղեստինի հասարակական կեանքի զանազան ոլորտներէ ներս։ Խուրի ներկայացուց իր գլխաւորած կոմիտէի գործունէութիւնը։ Քննարկուեցան Սուրբ Երկրէ ներս հայկական հարուստ պատմամշակութային ու կրօնական ժառանգութեան վերաբերեալ հարցեր։

Բաց աստի, Պաղեստինի պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Զրոյցի տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան մշակութային եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու շուրջ։ Հանդիպման ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայկական քրիստոնէական սրբավայրերու եւ պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերուն։  

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2021