ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՊԱՇՏՕՆԷՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ մէկտեղուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութեան հետ։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ այն աշխարհական աշխատակիցներուն հետ, որոնք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներուն մէջ կը պաշտօնավարեն։

Հանդիպման սկիզբին միասնական աղօթքէ վերջ լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան ներկաներու անունով շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը։ Պաշտօնէութեան անունով արտայայտուեցաւ Սմբատ Մարգարեան։ Աւելի վերջ խօսք առաւ Վեհափառ Հայրապետը, որ իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցեց բոլորին։ Ան մասնաւորապէս կանգ առաւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն վրայ։ Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով յայտնեց, որ Մայր Աթոռի աշխատակազմը՝ մանաւանդ յետպատերազմեան ներկայ դժուարին շրջանին նուիրումով, սիրով ու նախանձախնդրութեամբ կը կատարէ իր պարտականութիւնները եւ այդ աշխատանքի արդիւնքով Հայոց Եկեղեցին կը կարողանայ առաւել արդիւնաւէտ կերպով իրականացնել իր առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։

Շաբաթ, Յունուար 15, 2022