95-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ ԾՐԱԳԻՐ

Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի պաշտօնական հաստատման 95-ամեակը այս տարի պիտի նշուի յոբելենական ծրագրով մը։ 1927 թուականին այս թեմի ստեղծուիլը Հայ Եկեղեցւոյ արդի պատմութեան մէջ եղած է կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանը նախընթաց օր մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ ներկայացուց այս յոբելեանի արժեւորման նպատակով մշակուած ծրագրին առանցքները։ Այսպէս, 95-ամեակին առթիւ նախատեսուած են հոգեւոր ծրագրեր, եկեղեցական տօնախմբութիւններ եւ հրատարակութիւններ։ Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, Ս. Պատարագներու ընթացքին պիտի ընթերցուին երանաշնորհ Խրիմեան Հայրիկի եւ երանաշնորհ Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակները, ինչպէս նաեւ թեմի առաջին առաջնորդ՝ երջանկայիշատակ Գարեգին Եպսկ. Խաչատուրեանի (ապա Գարեգին Արք. Խաչատուրեան՝ գահակալ Պոլսոյ Աթոռի) պաշտօնական թուղթը։

Ըստ մշակուած ժամանակացոյցին, 23 յունուարին պիտի ընթերցուին Խրիմեան Հայրիկի եւ Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակներէն որոշ հատուածներ։ 19 յունիսին՝ Սուրբ Էջմիածնի տօնին, պիտի ընթերցուին երջանկայիշատակ Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի պաշտօնական խօսքէն հատուածներ։ 11 սեպտեմբերին՝ Խաչվերացի տօնին, պիտի ընթերցուի այժմու Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի յոբելենական շրջանի փակման խօսքը։

Սոյն յոբելեանի ծիրէն ներս յառաջիկայ փետրուարի 22-ին՝ Ս. Ղեւոնդեանց տօնին, Պըրպենքի առաջնորդարանէն ներս նախատեսուած է Արեւմտեան թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներու լիագումար ընդհանուր ժողովը։ Շուրջօրեայ աշխատանքէն վերջ, երեկոյեան ժամերուն, Ս. Ղեւոնդեանց Առաջնորդանիստ Մայր տաճարին մէջ Գոհաբանական Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի՝ թեմի բոլոր հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Հոգեւորականաց հաւաքի աշխատանքները պիտի ծաւալուին՝ «Ծիսական պաշտամունք եւ քրիստոնէական կեանք» բնաբանով։ Իրերայաջորդ նիստերու ընթացքին նախատեսուած են թեմի փորձառու հովիւներուն կողմէ զեկուցումներ, որոնք պիտի բնորոշեն քննարկումներու ընդհանուր ուղղութիւնը։

Շաբաթ, Յունուար 15, 2022