ԳԱՐԹԱԼԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Գարթալի Խնդրակատար Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի ութօրէքին՝ Տէր Յիսուսի Անուանակոչութեան տօնին առթիւ շաբաթավերջին Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Զանազան թաղերէ ուխտաւորներ մասնակցեցան արարողութեան, որու երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Հրաչ Սրկ. Սուրէնեան եւ այլ դպիրներ։ Պատարագիչ տէր հայրը խօսեցաւ խրատական մը, իսկ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք։ Հուսկ, խորհրդարանին մէջ ալ տեղի ունեցաւ աւանդական տնօրհնէք։

Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան գնահատեց ատենապետ Արթին Չոնքարին կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդին ջանքերը՝ եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ճանապարհին։

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2024