ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՆՈՐԱՊՍԱԿ ԶՈՅԳԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Երէկ, Տեառնընդառաջի առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Ս. Գայիանէ վանքէն ներս տեղի ունեցան արարողութիւնները։ Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի քարոզչական կեդրոնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ նորապսակ զոյգերու օրհնութեան կարգ, որուն հանդիսապետեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022