ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԶԳԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի Ազգային ժողովը ներկայ շաբթուան սկիզբին վաւերացուց Եւրոխորհուրդի՝ «Սեռական շահագործումէ եւ սեռական բնոյթով բռնութիւններէ երեխաներու պաշտպանութեան մասին» խորագրեալ պայմանագիրը։ Այս փաստաթուղթը Հայաստանի մէջ երկար ժամանակէ ի վեր վէճի պատճառ կը դառնայ։ Հասարակութեան ընկալումները, վերաբերմունքը միանշանակ չեն այդ կապակցութեամբ։ Թէ՛ հանրութեան եւ թէ մասնագիտական շրջանակներէ ներս ձեւաւորուած կարծիքները խիստ բազմազան են, նոյնիսկ իրերամերժ։ Սուր բանավէճերով զուգորդուած քննարկումները այժմ կը շարունակուին խորհրդարանի կողմէ այդ պայմանագրի վաւերացումէն վերջ։ Մասնաւորապէս՝ հակասական գնահատականներ կը հնչեն երեսփոխաններու, իրաւագէտներու, մանկական հոգեբաններու, այլ մասնագէտներու եւ պարզապէս ծնողներու կողմէ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ վաղուց վերապահութիւն յայտնած է այս պայմանագրին կապակցութեամբ։ Փաստաթուղթի իրաւաչափութեան եւ հաւանական հետեւանքներուն առընչութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դիրքորոշման շուրջ վերջին օրերուն յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան։ Այս վերջինը www.aysor.am կայքէջի հարցման ի պատասխան յայտնած է հետեւեալը.

«Որեւէ քայլ՝ ուղղուած մեր երեխաներու եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ այդ շրջագծէն ներս «Սեռական շահագործումէ եւ սեռական բնոյթով բռնութիւններէ երեխաներու պաշտպանութեան մասին» պայմանագրի ընդունումը, ինչ խօսք, սկզբունքօրէն կարեւոր է։ Անշուշտ, նիւթը զգայուն է, որովհետեւ անմիջականօրէն կը վերաբերի մեր մատաղ սերունդին եւ այս պարագային որեւէ թերացում անթոյլատրելի է։ Այս իսկ հանգամանքով պայմանաւորուած են յիշեալ պայմանագրի շուրջ հասարակութեան մէջ տեղ գտած բանավէճերը, իրաւագէտներու, հոգեբաններու, սեռափաթոլոկներու եւ մանկավարժներու կողմէ արտայայտուած մտահոգութիւններն ու հնչած քննադատութիւնը։ Այս առումով Հայ Եկեղեցին կը կարեւորէ բոլոր ջանքերը, որոնք կը գործադրուին մեր զաւակներու պատշաճ կրթութեան, խելամիտ դաստիարակութեան ապահովման ու երաշխաւորման հարցին մէջ։ Ըսուածը, ինչու չէ, կը վերաբերի նաեւ սեռական դաստիարակութեան։

«Խնդրի կապակցութեամբ, հարկ է նշել, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած են շարք մը քննարկումներ։ Մեզի նաեւ դիմումներ կատարուած են հաւատացեալներու կողմէ։ Անհրաժեշտ նկատելով Լանզարոտէի պայմանագրի շօշափած իրաւակարգաւորումներու շրջագիծը եւ մատնանշուած հարցերու արծարծումը՝ այդուհանդերձ, հաշուի առնելով նիւթի ակնյայտ զգայական կողմը, օգտակար կը նկատէինք, որ մինչ պայմանագիրը վաւերացնելը, աշխատանքներ տարուէին՝ կազմակերպելու հանրային լսումներ, անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ տալու հանրութեան, նաեւ փարատելու զանազան ոլորտներու մասնագէտներու կողմէ արտայայտուած մտահոգութիւնները, որոնք հիմնականին մէջ, օրինակ, կը վերաբերին երեխաներու պարագային պայմանագրի մէջ «սեռական կողմնորոշում» հասկացութեան կիրառութեան, ինչպէս նաեւ տարրական եւ միջնակարգ կրթութեան ընթացքին սեռական շահագործման ու սեռական բնոյթի բռնութիւններու հետ կապուած վտանգներու մասին կրթական ծրագրերու իրականացման։ Անորոշութիւնը եւ պայմանագրի իրացման համար անհրաժեշտ քայլերու մասին նուազագոյն տեղեկատուութեան բացակայութիւնը բնաւ չի նպաստեր կիրքերու հանդարտեցման, անհարկի բանավէճերու հանգուցալուծման։

«Երեխաներու պաշտպանութեան գործին մէջ պատասխանատուութիւնը բոլորինս է, ուստի հարկ չկայ զիրար վիրաւորելու, քննադատելու եւ այպանելու։ Նմանօրինակ հարցերու մէջ մասնագէտներու կողմէ դրսեւորուած զգօնութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը գնահատելի է։ Միասնաբար, բոլոր պատասխանատու եւ իրաւասու անհատներու ներուժի մէկտեղմամբ, հասարակական համապատասխան կառոյցներու, Եկեղեցւոյ եւ պետութեան համատեղ ջանքերով պէտք է այս դաշտէն ներս եւս ապահովենք լաւագոյնը երեխաներու՝ մեր երկրի եւ ազգի ապագայի համար»։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2020