ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, Վատիկանի եւ Էլ Ազհարի համատեղ նախաձեռնութեամբ, երէկուան օրը յատկացուած էր համաշխարհային աղօթքի։ Այս Համաշխարհային աղօթքի օրուայ նախաձեռնութեան միացան նաեւ ՄԱԿ, միջազգային այլ կազմակերպութիւններ եւ զանազան կրօններու կամ դաւանանքներու հոգեւոր առաջնորդներ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ալ նոյն ծիրին մէջ մասնակցութիւն բերաւ Համաշխարհային աղօթքի օրուան։ Կազմակերպիչ կեդրոնական յանձնախումբի հրաւէրին ընդառաջ՝ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս գրի առաւ արաբերէն եւ անգլերէն աղօթքներ, որոնք խմբագրուած էին իր կողմէ։ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի մուտքին երէկ երեկոյեան Նորին Սրբութեան նախագահութեամբ Կիլիկեան Աթոռի միաբաններ հաւաքական աղօթք մը կատարեցին։

Հոգեպարար այս արարողութեան ընթացքին կարդացուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ բժշկութեան աղօթքը, ապա Նորին Սրբութեան կողմէ գրի առնուած անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով աղօթքը ընթերցուեցաւ։ Միաբան հայրերը երգեցին «Տէր Ողորմեա»ն եւ «Փառք քեզ Տէր Աստուած»ը։ Արարողութիւնը եզրափակուեցաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2020