ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին շաբաթավերջին պաշտամունքի վերաբացուեցաւ՝ ձեռամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Արարողութեան մասնակցեցան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Իշխանաց կղզեաց թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Շատեանի։

Նորին Ամենապատուութիւնը թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ մուտքը, ուր կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն։ Ապա, զանգակներու ղօղանջներով ներկաներ մուտք գործեցին բարեզարդեալ եկեղեցին։ Արարողութեանց երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւորականներու, սարկաւագներու եւ դպիրներու կողմէ։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ աւագ խորանն ու պահարաններու Ս. Սեղանները։

Օծման արարողութենէն յետոյ Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։ Արարողութեան աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ ուրախութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բարեզարդման աշխատանքներու կապակցութեամբ։ Ան գնահատեց, Կղզեաց թաղային խորհուրդի առաջնորդութեամբ կատարելագործուած բարեզարդման աշխատութիւնները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նաեւ յիշեցուց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ունեցած կրօնական ու մշակութային առաքելութիւնը եւ այս առումով Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին եւ եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորներուն մաղթեց կարողութիւն։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նաեւ բացատրութիւններ տուաւ կատարուած արարողութեան մասին եւ յայտնեց, թէ եկեղեցին այն վայրն է, որ Աստուծոյ տրամադրուած է եւ սուրբ է։ «Աղօթքի տուներու պայծառութիւնը ներշնչման աղբիւր է նաեւ հաւատացեալին համար։ Այս առումով եկեղեցիները մաքուր եւ ներկայանալի պահելը բոլորիս վերապահուած պարտականութիւն մըն է», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը։ Իր խօսքերու աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնեց ներկաները եւ Տէրունական Աղօթքով աւարտին հասաւ արարողութիւնը։

Արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ պարտէզը տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին ներկաներ անմիջական մթնոլորտի մէջ շնորհաւորեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու եկեղեցւոյ բոլոր կամաւորները։

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2023