ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ԲՈՂՈՔ

Հայաստանի մէջ շաբաթավերջի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ քարոզարշաւը կը շարունակուի ամբողջ թափով։ Այս ամբողջին մէջ վերջին օրերուն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան թիրախաւորած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ հոգեւորականաց դասը։ Այս ընդվզեցուցիչ երեւոյթը, դժբախտաբար, ուղիղ համեմատութեան մէջ է իշխանութեան գլուխ գտնուած տարիներուն իր հետեւած գիծին։ Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը արձագանգեց Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւններուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աղբիւրները հանդէս եկան հետեւեալ յայտարարութիւնով։

*

Նախընտրական քարոզարշաւի շրջանակներէն ներս «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ անիրաւ մեղադրանքներ հնչեցնել հայոց եկեղեցւոյ հասցէին։ Եկեղեցւոյ եւ ազգային-հոգեւոր արժէքներու հանդէպ ներկայ իշխանութեան վերաբերմունքը մեր ժողովուրդին յայտնի է։ Այս համատեսքին մէջ դիտարկուած է վարչապետի պաշտօնակատարին կողմէ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու դէմ դրսեւորուած վարքագիծը։ Հակառակ ամէն տեսակ խոչընդոտի եւ իշխանութիւններու կեցուածքի, հայոց եկեղեցին պիտի շարունակէ անշեղօրէն իրականացնել հոգեփրկչական եւ ազգապահպան իր առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։

Երեքշաբթի, Յունիս 15, 2021