ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՄՕՏ ՀԻՒՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Իտալիոյ նորանշանակ դեսպան Ալֆոնսօ տի Ռիզոյը։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղեց իտալացի դիւանագէտին՝ յոյս յայտնելով, թէ իր պաշտօնավարութեան շրջանին հայ-իտալական բարեկամական յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի կը զարգանան ու կ՚արդիւնաւորուին նորանոր համատեղ իրագործումներով։ Նորին Սրբութիւնը զրոյցի տեւողութեան անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներու պատմական առընչութիւններուն, որոնց համար բոլոր ժամանակներուն ամուր հիմք հանդիսացած են քրիստոնէական հաւատը եւ դաւանուող նոյն արժեհամակարգը։ Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ միջեւ հաստատուած ջերմ յարաբերութիւններուն շուրջ, ինչպէս նաեւ՝ ընկերային ու կրթական ոլորտներէ ներս անոնց սերտ համագործակցութեան մասին։

Վեհարանի հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իտալացի դեսպանի նկատառման յանձնեց իր մտահոգութիւնները Հայաստանի սահմաններուն դէմ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ կատարուած ոտնձգութիւններուն, ռազմագերիներու ազատ չարձակուելուն, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման ուղղեալ քաղաքականութեան առընչութեամբ։ Առկայ խնդիրներու յաղթահարման տեսակէտէ ան կարեւոր նկատեց միջազգային հանրութեան եւ բարեկամ երկիրներու ջանքերը։

Երեքշաբթի, Յունիս 15, 2021