Ս. ԳԱՅԻԱՆԵԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Ս. Գայիանեաց կոյսերու յիշատակը։ Օրուան տօնին առթիւ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։ Բազմաթիւ ուխտաւորներ խանդավառ մասնակցութիւն բերին տօնակատարութիւններուն, որոնց ընթացքին Նորին Սրբութիւնը մարտիրոս սուրբերու մասունքակիր Աջով օրհնեց բոլորը։

Օրուան պատարագիչն էր Ս. Գայիանէ վանքի վանահայր Տ. Մատթէոս Վրդ. Պօղոսեան։  

Չորեքշաբթի, Յունիս 15, 2022