ԳՀԽ-Ի ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ) երէկ հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկաւ՝ Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած օրհասական մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը։ Տեղական անդամներով գումարուած նիստէն վերջ ԳՀԽ հանդէս եկած է հետեւեալ յայտարարութեամբ։

*

Վրդովմունքով կ՚արձանագրենք, որ Ատրպէյճանի ռազմատենչ ու հայատեաց շարունակուող գործողութիւններու, Արցախի ամբողջական շրջափակման հետեւանքով առաւել կը խորանայ մարդասիրական իրավիճակը Արցախի մէջ։ Խորապէս մտահոգիչ է, որ հակառակ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրախումբի ներդրած ջանքերուն՝ Ատրպէյճանի յարձակողականութիւնը կը ստանայ նոր ծաւալներ։

Ստեղծուած ծանր կացութեան մէջ, երբ Արցախի ժողովուրդը զրկուած է անհրաժեշտ սնունդի, դեղօրայքի եւ կենսական պարագաներու մատակարարումներէն եւ կը բախուի Ատրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւններուն՝ կը դիմենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներուն, Եւրոմիութեան անդամ պետութիւններուն՝ հրատապօրէն ձեռնարկել կանխարգելիչ գործողութիւններու, այդ շարքին Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու, որպէսզի ժամ առաջ ապաշրջափակուի Արցախի կեանքի ճանապարհը՝ Բերձորի (Լաչին) միջանցքը եւ վերականգնուի բնականոն կեանքը Արցախի Հանրապետութեան մէջ։ Հարկ է, որ միջազգային հանրութիւնը առաւել գործնական քայլերով դատապարտէ Ատրպէյճանի անմարդկային եւ թշնամական քաղաքականութիւնը, որ ուղղուած է Արցախի ժողովուրդին դէմ։ Հարկադրանքի եւ հաշուեյարդարի սպառնալիքներու ներքեւ Արցախի մէջ չի կրնար հաստատուիլ խաղաղութիւն։

Մեր յորդորը կ՚ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ հրաժարիլ զիջող կեցուածքներէն, դրսեւորել վճռականութիւն եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու համապարփակ կիրառմամբ ապահովել իրավիճակի այնպիսի հանգուցալուծում, որ երաշխիք կը դառնայ Արցախի ժողովուրդի հայրենի հողի վրայ անկախ, անվտանգ ու արժանապատիւ կեանքին։

Կը յորդորենք համայն մեր ժողովուրդին ի Հայաստան եւ ի սփիւռս՝ աննուազ հետեւողականութեամբ շարունակել ջանքեր ներդնել՝ ի զօրակցութիւն Արցախ աշխարհին եւ անոր հաւատաւոր ու հերոսական ժողովուրդին։

Թող Աստուած օրհնէ Հայաստան եւ Արցախ մեր երկիրը եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը. ամէն։

Շաբաթ, Յուլիս 15, 2023