ԻՒՐՕՐԻՆԱԿ ՁԵՒԱՉԱՓ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Քիրիլ Ա. Պատրիարքի եւ Կովկասի Մահմետականներու խորհուրդի նախագահ ու Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի Մոսկուայի նախընթաց օրուան եռակողմանի հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու այս եռակողմանի տեսակցութիւնը մեկնաբանեց յետպատերազմեան կարգաւորման համայնապատկերին վրայ։ «Հոգեւոր առաջնորդներու միջեւ շփումները տեղի կ՚ունենան տասնամեակներէ ի վեր։ Անոնք կ՚առանձնանան վստահութեան մթնոլորտով, ինչպէս կը հետեւցուի անոնց իսկ տուած գնահատականէն։ Մենք, ի հարկէ, կը տեսնենք, որ սա իւրօրինակ ձեւաչափ մըն է եւ կը նպաստէ կողմերու միջեւ փոխադարձ ըմբռնման խորացման եւ միջկրօնական երկխօսութեան յառաջխաղացման», ըսաւ Զախարովա եւ աւելցուց, որ հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումը կը նպաստէ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն, Անդրկովկասէ ներս ընդհանուր իրավիճակի կայունացման՝ ներառեալ վստահութեան ամրապնդման, մարդասիրական խնդիրներու լուծման եւ հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան կառոյցներու պահպանման։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրներն ալ մանրամասնութիւններ հրապարակեցին Մոսկուայի եռակողմանի հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ բարձրաձայնուած խնդիրներուն շուրջ։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշած է, որ 2017 թուականէն ի վեր հոգեւոր առաջնորդներու այս ձեւաչափով հանդիպում մը տեղի չէր ունեցած եւ շուրջ չորս տարի վերջ կազմակերպուած այս վերջին հանդիպման պահու դրութեամբ հանդէս եկած է ծաւալուն արժեւորումով մը՝ մասնաւորապէս Արցախի երկրորդ պատերազմի հետեւանքներուն եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ որդեգրուած քաղաքականութեան շուրջ։ Ան շեշտած է, որ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման, անվտանգ ու ապահով կեանքի երաշխաւորման առումով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի։ Վեհափառ Հայրապետը օրակարգի վրայ բերած է զանազան հարցումներ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է հակամարտութիւնը կարգաւորել, երբ Ատրպէյճան կ՚առաջնորդուի ծաւալապաշտական ձգտումներով, երբ տակաւին յստակեցուած չէ Արցախի կարգավիճակը, երբ տակաւին ազատ չեն արձակուած բոլոր ռազմագերիները, երբ տակաւին Ատրպէյճան չէ դադրեցուցած ոտնձգութիւնները Հայաստանի պետական սահմաններուն դէմ ու ետ չէ քաշուած գրաւեալ տարածքներէն։ Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծած է, որ Ատրպէյճան միջազգային օրէնսդրութիւնը յարգելով պատշաճ վերաբերմունք չի դրսեւորեր համաշխարհային նշանակութեամբ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան նկատմամբ։ «Կ՚աւերուին եւ կը պղծուին մեր աղօթատուները եւ չեն դադրիր պատմութիւնը կեղծելու, հայկական վանքերն ու եկեղեցիները իրենց ինքնութենէն զրկելու փորձերը, չի ճանչցուիր անոնց իրաւական պատկանելիութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ Արցախի թեմին եւ մեր զաւակները զրկուած են իրենց սրբավայրերը այցելելու իրաւունքէն», ըսաւ ան։

Նորին Սրբութիւնը ընդգծած է իր համոզումը, թէ հոգեւոր առաջնորդներու աղօթքներն ու ջանքերը այսօր պիտի հետապնդեն համերաշխութեան եւ փոխըմբռնման մթնոլորտ ձեւաւորելու նպատակը։ 21-րդ դարու փոխշաղկապուած իրականութեան մէջ բոլոր խնդիրները ազգերու միջեւ պէտք է կարգաւորուին միայն խաղաղ ճանապարհով, արդարութեամբ, օրինականութեան եւ իրաւունքի յարգումով։ Պատերազմը չէ խնդիրներու լուծման ճանապարհը։ Զէնքի նշանառութեան ներքեւ հնարաւոր չէ խաղաղութիւն կերտել։

«Հայ ժողովուրդը բոլոր ժամանակներուն արժեւորած է խաղաղութիւնը եւ ձգտած խաղաղ համակեցութեան հարեւան ժողովուրդներու հետ, մշտապէս յարգած այլոց կրօնական ազատութիւններն ու մշակութային ինքնութիւնը։ Մեր ժողովուրդի խաղաղասիրական ձգտումները կառուցուած են այն համոզման վրայ, թէ պատերազմներու մէջ չկան յաղթողներ, բոլորը կը պարտուին, որովհետեւ յաղթանակ չի կրնար ըլլալ այնտեղ, ուր կը տիրապետէ մարդկային ողբերգութիւն», շեշտած է Վեհափառ Հայրապետը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2021