ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՕՐՀՆԵՑ ՏԱՐԵՑՆԵՐ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Սուրբ Հրեշտակապետներու եւ երկնային զօրքերու տօնը։ Այս առթիւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն էր Տ. Դաւիթ Քհնյ. Գիշեան։
Պատարագի սրբազան արարողութեան ուխտաւորաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին Երեւանի «N1» տան բնակիչները եւ Արաբկիրի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ երիտասարդաց միութեան անդամները՝ ուղեկցութեամբ Տ. Արարատ Քհնյ. Օրդոյեանի եւ Տ. Տիգրան Քհնյ. Բադիրեանի։
Պատարագէն յետոյ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի ուսումնական մասնաշէնքէն ներս Նորին Սրբութիւնը ընդունեց «N1»ի տարեցները եւ բաշխեց իր հայրական օրհնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը գնահատանք յայտնեց «N1»ի տնօրէնութեան եւ բոլոր անոնց, որոնց հոգածութեամբ իրենց արժանապատիւ խնամքը կը ստանան հաստատութեան բնակիչները։
Վեհափառ Հայրապետը «N1»ի տարեցներուն իր բարեմաղթանքները փոխանցելով յորդորեց գնահատել իրենց խնամքը իրականացնող հոգատար անձերուն, ապրիլ աստուածային սիրով, յոյսով, հաւատքով եւ առ Աստուած աղօթքներով։
Նորին Սրբութիւնը մասնաւոր գնահատանք բերաւ նաեւ քահանայ հայրերուն՝ հաստատութեան բնակիչներու հոգեւոր կարիքներու հոգածութեան եւ Արաբկիրի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ երիտասարդաց միութեան անդամներուն «N1» մշտական այցելութիւններու համար։