ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍՈՐԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Ասորի կաթոլիկ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպիսկոպոսի շնորհաւորական այցելութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, քորոնաժահրի համավարակի, ապա Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր անհանգստութեան պատճառաւ, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական շնորհաւորութեան փոխադարձ այցելութիւնները յետաձգուած էին։

Այսպէս, այցելութեան ընթացքին հիւր փոխանորդին կ՚ընկերանար Ճիմի Սրկ. Սերքէք, Ասորի կաթոլիկ վաքըֆի վարչութեան ատենապետ Միւնիր Իւչքարտէշ եւ անդամներէն Ալէն Շելհաթ։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան եւ Պատրիարքական Աթոռոյ միջեկեղեցական յարաբերութեանց տեսուչ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Մոնս. Չանլը յայտնեց, որ ակամայ ուշացումով եկած է՝ իր եւ Ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ անունով շնորհաւորելու Հայոց Պատրիարքը, ինչպէս նաեւ Նորին Ամենապատուութեան անձին մէջ՝ հայ համայնքին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը։

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց եղբայրական սոյն այցելութեան համար, շեշտեց երկու եկեղեցիներու միջեւ սերտ յարաբերութիւնը՝ մաղթելով, որ մանկացեալ Տէրը խաղաղութիւն բերէ աշխարհիս եւ սպառի քորոնաժահրը, որպէսզի մարդկութիւնը կարենայ դառնալ իր բնականոն կեանքին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022