ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ ՕՐԸ

Աւագ շաբաթը հանգիստի օր է Քրիստոսի մարմինին եւ Իր աշակերտներուն, իսկ միւս կողմէ նախապատրաստութիւն՝ մարդկութեան պատմութեան անկիւնադարձային դէպքին՝ յարութեան, որ յեղաշրջեց ամբողջ մարդկային ցեղը, անոր տալով յաւիտենականին յոյսն ու խոստումը։ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան համաձայն, մեր Տէրը մահանալէ ետք իջած է դժոխք, աւերած է զայն եւ արդարներու հոգիներուն փրկութիւն շնորհած։

Առաւօտեան Ժամերգութիւն կը կատարուի, իսկ երեկոյեան Ճրագալոյցի Պատարագ։

Ճրագալոյց կը նշանակէ ճրագները վառել։ Անցեալին, կիրակի երեկոները ճրագներուն մէջ ձէթ կը լեցնէին ու կը վառէին։ Աւելի ուշ, ճրագալոյց ըսուած է երեկոյեան մատուցուած պատարագներուն։ Հայ Եկեղեցին երկու ճրագալոյցի Պատարագ կը մատուցէ՝ Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներուն նախորդող երեկոներուն։ Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին երբ Յիսուսի յարութեան աւետիսը կը տրուի, Մեծ պահքի շրջանը կը լրանայ։

«Մեռաւ՝ անօրէններուն հետ խաչակից ըլլալով, սակայն հարուստին հարուստ գերեզմանին մէջ թաղուեցաւ՝ հարուստներու եւ իշխաններու ձեռքով, ժայռափոր նոր գերեզմանի մէջ՝ սուրբ կտաւներով, խունկերով, զմուռսներով եւ հալուէներով պատանքուելով, Նիկոդեմոս իշխանէն եւ Յովսէփ Նախարարէն (Յհ 19.38-42: Մր 15.42-46: Ղկ 23.50-53), եւ շատ մեծազօր իշխաններու եւ իշխանազուններու նման, Իր գերեզմանին շուրջ պահակ զինուորներ դրին (Մտ 27.62-66). հարուստին հետ եղաւ, մարգարէին ըսածին համաձայն (Ես 53.9)»։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2022