ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՎԻՃԱԿ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շրջանակները ներկայիս մտահոգութեամբ կը հետեւին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պարագային ստեղծուած վտանգաւոր իրավիճակին, ինչ որ սկսած է առաջնահերթօրէն բնորոշել ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։ Այսպէս, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքական Սուրբ Աթոռը կը դիմագրաւէ դժուարին կացութիւն մը՝ մինչ Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութիւնը շարժման անցած է՝ գերադասելով եկեղեցւոյ եւ Պատրիարքարանի շահերը։

Յորդանանի թագաւորութեան եւ Պաղեստինի Ինքնավարութեան իշխանութիւնները վերջին օրերուն տեղեկացուցած են, որ որոշած են Երուսաղէմի Ս. Աթոռի գահակալ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի պատրիարքի հանգամանքը ճանչնալէ դադրիլը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ հրատապօրէն գումարուած են Տնօրէն ժողովն ու Միաբանական ընդհանուր ժողովը՝ միայն տեղաբնակ միաբաններուն մասնակցութեամբ։ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը այս փուլին կոչ ուղղած է, որպէսզի Յորդանանի եւ Պաղեստինի իշխանութիւնները վերատեսութեան ենթարկեն իրենց որոշումը։

Ստեղծուած լուրջ ու ծանրակշիռ իրադրութիւնը կը յաջորդէ Պատրիարքարանի նախկին կալուածոց տեսուչ եւ արդէն նախկին միաբան Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեանի կարգալոյծ հռչակուելուն եւ Հայոց վանքէն վտարուելուն, ինչ որ անմիջական կապ ունի Երուսաղէմի Հին քաղաքի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի աղմկայարոյց վարձակալման հարցին հետ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այդ միաբանը կարգալոյծ ընելու ժամանակ որպէս հիմնաւորում նշած է իր կողմէ կատարուած խարդախութիւններն ու խաբեբայութիւնները՝ վարձակալութեան գործարքի եւ համապատասխան պայմանագրի կնքման ժամանակ։ 99 տարուան ժամկէտով կնքուած այդ պայմանագիրը տարիներէ ի վեր աղմկայարոյց բնոյթ կը կրէ եւ պետական ու միջազգային հարթութեան վրայ արձագանգ գտած է՝ նոյնիսկ Պաղեստինի իշխանութիւնները իրենց անհանգստութիւնն ու ընդվզումը յանձնած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատառման։ Յաջորդած ժամանակաշրջանին խնդիրները հարթել հնարաւոր չէ եղած՝ մանաւանդ, որ ստորագրութիւնները նետուած են առանց Պատրիարքութեան կանոնական մարմիններու քննարկման ու հաւանութեան, նոյնիսկ միաբանական ընդհանուր ժողովի որոշումներու ոտնահարումով։ Այս բոլորին մէջ, անշուշտ, ի յայտ կու գայ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պարագային յառաջացած համակարգային փակուղին, որու ցաւալի դրսեւորումները թէեւ հասկնալիօրէն միայն մէկ պատասխանատու չեն կրնար ունենալ եւ խնդիրները քաւութեան նոխազներ զոհելով չեն կրնար լուծուիլ վերջնականօրէն։ Յամենայնդէպս, այժմ ստեղծուած հրատապ իրավիճակը կը յառաջացնէ պաղարիւն լուծումներու կարիք, որպէսզի խնայուին Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Սուրբ Աթոռին շահերն ու հեղինակութիւնը։ Մնացեալ ամէն ինչ արդէն յաջորդ քայլափոխին պէտք է քննարկման առարկայ դառնայ։

Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեանի կարգալոյծ հռչակուիլը, ըստ երեւոյթին, արդարացուած, համոզիչ ու հիմնաւորեալ նկատուած է՝ մանաւանդ, որ ան եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան համար արժանի չէ համարուած նաեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։

Թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ այս փուլը նուազագոյն ցնցումներով յաղթահարելու միջոցը, անշուշտ, տակաւին իրադարձութիւններու հասունացումով յայտնի պիտի դառնայ, յամենայնդէպս, Յորդանանի եւ Պաղեստինի իշխանութիւնները դժուար թէ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց որոշումը՝ առանց շօշափելի քայլի մը։ Սա է կանխատեսումը այն շրջանակներուն, որոնք կը հետեւին իրադարձութիւններուն եւ փորձառու կը համարուին այս հարցերուն շուրջ։

Երուսաղէմի մէջ Տնօրէն ժողովի դիւանը եւ Միաբանական ընդհանուր ժողովի դիւանը վերջին օրերուն կատարեցին իրերայաջորդ յայտարարութիւններ։ Միաբանական ընդհանուր ժողովը տեղեկացուցած է, որ անակնկալի մատնուած է Յորդանանի եւ Պաղեստինի իշխանութիւններու որոշման դիմաց՝ մանաւանդ, որ այդ մէկը կը յաջորդէ Նորին Ամենապատուութեան վճռական որոշումներուն։ Այդ երեք տնօրինութիւններն են՝ կարգալոյծ Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեանին՝ կալուածոց տեսուչի պաշտօնէն հեռացումը (11 յունուար 2023), Տնօրէն ժողովի կողմէ միաձայնութեամբ անոր կարգալոյծ հռչակուիլը (6 մայիս 2023) եւ անոր Հայոց վանքէն արտաքսումը (10 մայիս 2023)։

Միաբանական ընդհանուր ժողովի դիւանի հաղորդագրութեան մէջ կրկնուած են կարգալոյծ Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեանի հասցէագրուած ծանր մեղադրանքները։ Շեշտուած է, որ Յորդանանի եւ Պաղեստինի իշխանութիւններու որոշման վերատեսութեան ենթարկուիլը մեծապէս պիտի նպաստէ, որպէսզի Երուսաղէմի հայ պատրիարքը առանց խոչընդոտի ապահովէ Պատրիարքութեան եւ հայ համայնքին շահերը։

Տնօրէն ժողովի դիւանի հաղորդագրութեան մէջ ալ մատնանշուած է, որ զարմանալի ու մտահոգիչ է, թէ այս իրադարձութիւնները կը համընկնին ազգապատկան կալուածի վերաբերեալ հարցի հիմնական պատասխանատուի պարագային կատարուած տնօրինութիւններու շրջանին։ Տնօրէն ժողովը շեշտած է, որ իր կարելին կ՚ընէ անվթար պահելու համար Հայ Եկեղեցւոյ եւ համայնքի շահերը։

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2023