ՀՈԳԵԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ

Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ բանավէճ մը ծնունդ առած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութեան թեւին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ։ Իշխանափոխութենէն ի վեր անցած ժամանակահատուածին, դժբախտաբար, պետութիւն-եկեղեցի համագործակցութիւնը դուրս եկած է բնականոն հունէն։ Սա առաջին հերթին պայմանաւորուած էր Նիկոլ Փաշինեանի ամբոխավար խօսոյթով ու միեւնոյն ժամանակ իր կողմէ «հատուցում» մըն էր աղանդաւորական շրջանակներու կողմէ իր իշխանութեան գլուխ գալուն ուղղութեամբ ցուցաբերուած աջակցութեան փոխարէն։ Փաշինեանի իշխանութեան շրջանը թէեւ աւերներ բերաւ Հայաստանի համար, սակայն, ցաւալիօրէն ու զարմանալիօրէն ան ներկայ նախընտրական շրջանին ալ կը շարունակէ թիրախաւորել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը վերջին օրերուն այս ցաւալի երեւոյթներուն կապակցութեամբ ամփոփ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած էր։ Իսկ երէկ, զանազան լրատուամիջոցներ արձագանգ հանդիսացան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեանի յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Նիկոլ Փաշինեանի հոգեւոր առողջութեան համար պէտք է անխափան աղօթել։ Հակառակ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հնչած զսպուածութեան կոչերուն, Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ քարոզարշաւի շրջանին քննադատութեան սլաքները պարբերաբար ուղղել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ու եկեղեցականներուն։ Դիւանապետի համոզմամբ, այս կեցուածքը ունի բազում պատճառներ, որոնց շարքին կ՚առանձնանայ հոգեբանականը։

«Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնավարման առաջին իսկ օրէն ուղղակի մատնուած է անճարութեան, ինչ որ իր մէջ չափազանց տեփրեսիւ հոգեվիճակ մը ստեղծած է։ Կը մտածեմ, որ վարչապետի պաշտօնակատարը մեծ տիլեմայի մը առջեւ է։ Մէկ կողմէ սեփական անձի մասին գերչափազանցուած պատկերացումներ եւ մեսսիական առաքելութեան հիւանդագին ինքնավերագրումներ ունի, իսկ միւս կողմէ՝ դրական արդիւնքներ ստեղծելու անկարողութիւն, ըստ էութեան, համատարած ձախողումներու պատկերներ։ Ակնյայտ է, որ այս երկու իրողութիւնները համադրելու անկարողութիւնը վարչապետի պաշտօնակատարին մէջ յանգեցուցած է հոգեբանական լուրջ եւ խոր տագնապ մը։ Ապրելու իմաստը չկորսնցնելու եւ ինքնասպանութենէ խոյս տալու համար Փաշինեանին ուղղակի օդի պէս անհրաժեշտ են մեղաւորներ, որոնց ուսերուն վրայ ան կը կարողանայ բեռցնել իր ձախողումներու պատասխանատուութիւնը։ Կ՚երեւի նաեւ, թէ այս հակումը Փաշինեանի մէջ այնքան խորացած է, որ կարելի է ձեւակերպել մօտաւորապէս ըստ հետեւեալի. բոլորը մեղաւոր են, բայց, ոչ երբեք՝ ինքը։ Մեղաւորներու եւ պատասխանատուներու փնտռտուքի ճանապարհին Փաշինեան կը կառչի քիչ թէ շատ յայտնի որեւէ հաստատութենէ կամ անձէ եւ զարմանալի կ՚ըլլար, որ այդ մեղաւորներու ցանկի առաջին շարքին իր կողմէ ներկայացուած չըլլային եկեղեցին եւ եկեղեցականները», ըսաւ ան։

Թէ ի՞նչ է ելքը… Ի պատասխան Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան ըսաւ. «Նիկոլ Փաշինեանի հոգեվիճակը, ի հարկէ, կը մնար սոսկ մասնաւոր անձի ներքին անհամերաշխութեան պատմութիւն մը. բան մը, որուն հոգեւորականները շատ կը հանդիպին իրենց ծառայութեան ընթացքին։ Այս պարագային մենք կը փորձենք աղօթքի, հոգեւոր խնամքի միջոցաւ աջակցիլ եւ մխիթարութիւն բերել նման անձերուն, ինչպէս պատուիրած է Տէրը։ Վարչապետի պաշտօնակատարի պարագային խնդիրը աւելի կը բարդանայ, որովհետեւ ան կը զբաղեցնէ բարձրագոյն պետական պաշտօն, կը տիրապետէ ազդեցութեան կարեւորագոյն լծակներու եւ ունի հանրային լուրջ ազդեցութիւն։ Հետեւաբար Փաշինեանի անհատական, ներքին անհամերաշխութիւնը շղթայական հակազդեցութիւնով առաւել լայն ու հանրային ընդգրկում կը ստանայ։ Այսպէսով անհատի մասնաւոր տեփրեսիոնը կը վերածուի զանգուածային, հանրային տեփրեսիոնի։ Այսինքն, այն, ինչ որ ունինք այսօր՝ հասարակական տարբեր խումբերու միջեւ սուր դիմակայութիւն, խորացող անջրպետներ եւ հանրային անհամերաշխութիւն։

«Ուրեմն Նիկոլ Փաշինեանի հոգեւոր եւ հոգեկան առողջութեան համար պէտք է շարունակ աղօթել ու գործել, որ ան հեռանայ իշխանութենէն եւ հաւանական առանձնութեան մէջ յաղթահարէ իր ներքին ողբերգութիւնը եւ հոգեբանական, ես կ՚ըսէի՝ հոգեւոր տագնապը։ Եւ ամենակարեւորը՝ սա պէտք է ընել ի սէր մեր երկրի եւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս համերաշխութեան վերականգնման։ Հետեւաբար, յունիսի 20-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն օրը պէտք չէ ընտրել Նիկոլ Փաշինեանի կուսակցութիւնը, որպէսզի առիթ ստեղծուի հանգստանալու թէ՛ Նիկոլ Փաշինեանին եւ թէ բազմատանջ մեր երկրին ու ժողովուրդին համար»։

Չորեքշաբթի, Յունիս 16, 2021