ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Մերձաւոր Արեւելքի Կաթոլիկ Բարեկեցութեան ընկերութեան (CNEWA) ներկայացուցիչները՝ Թովմաս Վարկեզէնը եւ Միքայէլ լա Սիվիթանը։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի փոխ-առաջնորդ Տ. Նարեկ Վրդ. Մնոյեան։ Այս վերջինը հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց հիւրերը՝ տեղեկութիւններ փոխանցելով կազմակերպութեան գործունէութեան մասին։

Զրոյցի տեւողութեան խօսուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ զանազան կառոյցներու կողմէ հոգեփրկչական առաքելութեան զուգահեռ՝ Արցախի երկրորդ պատերազմի արհաւիրքները կրած հայ ժողովուրդի զաւակներուն ցուցաբերուող շարունակական մարդասիրական եւ ընկերային օգնութեան մասին։ Վեհափառ Հայրապետը այս առընչութեամբ իր գնահատանքը յայտնեց կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն՝ պատերազմի հետեւանքով տուժած հայորդիներուն աջակցութիւն եւ օգնութիւն ցուցաբերելու համար։ Նորին Սրբութիւնը երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ զանազան միջազգային կառոյցներու կողմէ այս դժուարին շրջանին Հայաստանին ու Արցախին ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։

Վեհափառ Հայրապետը հիւրերու նկատառման յանձնեց առկայ մարտահրաւէրները՝ մասնաւորապէս անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրելով Հայաստանի սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններու փաստին վրայ։ Ան մատնանշեց նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր, մշակութային ժառանգութեան դէմ վայրագ վերաբերմունքը։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման, վիրաւոր զինուորներուն եւ տեղահանեալ ընտանիքներուն օգնելու նպատակով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած աշխատանքներուն։

Բաց աստի, նոյնպէս երէկ, Վեհափառ Հայրապետը տեսակցեցաւ Անգլիոյ Լորտերու պալատի անդամներէն Քովենթրի Եպիսկոպոս Քրիստոֆըրի հետ։ Այս վերջնոյն կ՚ընկերանար Անգլիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան։ Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց հիւր եպիսկոպոսի ներկայութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ան ընդգծեց, որ Քրիստոֆըր Եպիսկոպոս յառաջիկայ օրերուն հնարաւորութիւն պիտի ունենայ հայ ժողովուրդի կեանքին ու վիճակած մարտահրաւէրներուն հաղորդ դառնալու՝ անոր պատմութիւնով եւ բազմադարեայ հոգեւոր, մշակութային հարուստ ժառանգութիւնով հանդերձ։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Քովենթրի Եպիսկոպոսին կողմէ այս դժուարին շրջանին հայ ժողովուրդին ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։ Ան յատկապէս ընդգծեց հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման եւ հայոց սրբավայրերու պահպանութեան ուղղութեամբ Քրիստոֆըր Եպիսկոպոսի կողմէ գործադրուած ջանքերը։

Իր հերթին, անգլիացի եկեղեցականն ալ ուրախութիւն յայտնեց Հայաստան այցելելու հնարաւորութեան բերումով։ Անդրադառնալով պատերազմի պատճառած ծանր կորուստներուն՝ ան վշտակցութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, արտայայտելով նաեւ իր աջակցութիւնը։ Հիւր եպիսկոպոսը տեղեկութիւններ ալ փոխանցեց Քովենթրի Մայր տաճարէն ներս այդ կապակցութեամբ կազմակերպուած յատուկ արարողութիւններուն եւ ձեռնարկներուն շուրջ։ Քրիստոֆըր Եպիսկոպոս նաեւ գոհունակութեամբ ընդգծեց Անգլիոյ հայոց թեմին եւ անգլիահայութեան հետ ձեւաւորուած սերտ գործակցութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան հանգամանօրէն քննարկուեցան յետպատերազմեան իրավիճակի, Արցախի եւ Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրերու անվտանգութեան եւ գերիներու վերադարձին վերաբերեալ խնդիրներ։ Մասնաւոր ուշադրութիւն ցուցաբերուեցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական հոգեւոր, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման հարցերուն նկատմամբ։ Վեհափառ Հայրապետը այս կապակցութեամբ ներկայացուց իր մտահոգութիւնները։

Չորեքշաբթի, Յունիս 16, 2021