ՎԱՏԻԿԱՆ ԱՅՑԻ ՍԵՄԻՆ

Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները յուլիսի 1-ին Վատիկանի մէջ ժամադրուած են Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Երկրի դիմագրաւած առկայ ծանր իրավիճակին մէջ այս հանդիպումը կազմակերպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ։ Այս կարեւոր տեսակցութեան ընդառաջ, վերջին օրերուն Լիբանանի քաղաքական, կրօնական եւ ակադեմական շրջանակներէ դէմքեր իրերայաջորդ կապ հաստատեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։ Բաց աստի, Կիլիկեան Աթոռի գահակալին հետ շփման մէջ էին նաեւ Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպանը, քաղաքացիական հասարակական ներկայացուցիչներ եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներ։ Բոլորի փափաքն է իմանալ Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատկերացումներն ու ակնկալութիւնները՝ Վատիկանի մօտալուտ ժամադրութեան գծով։ Ըստ իրեն, Լիբանանի քրիստոնեայ առաջնորդները Վատիկան կ՚ուղղուին ամբողջ ժողովուրդի դիմագրաւած դժուարութիւնները պարզելու եւ նոր կառավարութեան մը կազմութեան հրամայականը ընդգծելու համար։

Նորին Սրբութիւնը առաջին հերթին կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը Վատիկան կ՚երթան խօսելու համար Լիբանանի ժողովուրդին անունով՝ առանց համայնքային խտրութեան, որովհետեւ տառապողը ողջ ժողովուրդն է: Երկրորդ՝ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը պարտաւորութիւնը ունին խօսելու իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած ժողովուրդին անունով, որովհետեւ եկեղեցին իր էութեամբ Աստուծոյ ժողովուրդն է, եւ, հետեւաբար, եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ ժողովուրդը դիմագրաւող տագնապներուն նկատմամբ: Երրորդ՝ Լիբանանը անմիջական կարիքը ունի նոր կառավարութեան մը, որուն անդամներուն թիւը, բնոյթը, քաղաքական ու համայնքային մասնակցութիւնը հոգեւոր պետերուն խնդիրը չէ: Անոնց պահանջքը յստակ է. շուտով կազմել կառավարութիւն մը, որ կարենայ ժողովուրդին կեանքը բարելաւել, տնտեսութիւնը կազմակերպել, արտագաղթին առաջքը առնել ու երկրէն ներս ապահովութիւն հաստատել: Այս հարցերուն գծով, քրիստոնեայ թէ իսլամ հոգեւոր պետերու միջեւ տարբեր տեսակէտներ գոյութիւն չունին:

Յայտնենք, որ Վատիկանի պատասխանատուները աշխոյժ կերպով կը պատրաստեն յիշեալ հանդիպումը՝ իր ներքին թէ հրապարակային երեսակներով:

Չորեքշաբթի, Յունիս 16, 2021