ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ շքանշաններու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Վեհարանի երդիքին տակ, գահասրահէն ներս Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշաններ շնորհեց բանասէր, արեւելագէտ փրոֆ. Գուրգէն Մելիքեանին եւ վաստակաւոր ճարտարապետ Արտեոմ Գրիգորեանին։ Այսպէսով Նորին Սրբութիւնը գնահատեց մեծարեալներու կողմէ հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին ի նպաստ մատուցուած բազմաթիւ ծառայութիւնները։

Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ հիւրընկալեց Իրաքի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը, որուն ընկերացան թեմի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեան եւ Պասրա քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Խաժակ Վարդանեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2022