ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՔԵԱԼ ԴԱՌՆԱԼ

Իւրաքանչիւր անգամ երբ Նիկիական Հանգանակը կ՚արտասանենք մեր ձեռքերը միացնելով, մեր հաւատքը կը դաւանինք եւ մեր հաւատքի մասին խօսքերը դուրս կ՚ելլեն մեր բերանէն։ Հանգանակի մէջ կայ յատկանշական բաժին մը, որուն մէջ եկեղեցին իր ստորոգելիներով կը ներկայանայ. «Հաւատամք եւ ի մի միայն, ընդհանրական եւ առաքելական սուրբ եկեղեցի»։ Եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին երբ պիտի խոկանք, առաջին հերթին ակամայ «առաքելական» բառը յատուկ նշանակութիւն մը կ՚ունենայ։ Եկեղեցին, առաքելական է առաքեալներուն ծառայութեան եւ հաւատքին վրայ հիմնուած։ Հայերս, երբեմն կ՚իյնանք այն խաբկանքին, կարծելով, թէ սոյն ածականը միայն վերապահուած է Հայ Եկեղեցւոյ։ Մինչ, առաքելական ածականը հիմնական ածականներէն է Քրիստոնէական մեծ եկեղեցւոյ, որուն գլուխն է Քրիստոս։ Իր աշակերտները, Մեծ Վարդապետին պատուիրանին հետեւելով գացած են աշխարհի չորս կողմերը եւ քարոզած՝ Աւետարանը ու այսպէս հիմնուիլ սկսած են եկեղեցիներ, որուն անդամակցած են քրիստոնեայ հաւատացեալներ։ Հետեւաբար, այս հիանալի ածականով մենք հաւատամքի մէջ կը շեշտենք Քրիստոսի աշակերտներուն մեծ դերը, եկեղեցական կեանքէն ներս։

Աւետարանի մէջ, Յիսուս շատ ատեններ, իր աշակերտներուն պատասխանատուութիւններ յանձնած է, որոնց օրինակներէն մին է հինգ հազարներու կերակրուիլը։ Իսկ ովքե՞ր էին Յիսուսի աշակերտները, որոնց ներկայութիւնը եկեղեցական կեանքէ ներս ծնունդ տուած է առաքեալ եւ առաքելութիւն բառերուն։ Իսկ միւս կողմէ, նոյն հարցումը մտածել կու տայ, թէ մենք որքանո՞վ ծանօթ ենք առաքեալներու անուններուն, առաքելական շնորհքին եւ նոյն շնորհքով իրականացած հրաշքներուն։ Ներկայիս Քրիստոնէական աշխարհէ ներս իրականութիւն է, թէ այս անծանօթութիւնը, հետզհետէ կը տկարացնէ Քրիստոնէութիւնը եւ իր անաղարտ ուսուցումները։ Մեր հաւատքը առաքեալներով ու առաքելական հաւատքով օծուած իր սուրբ արմատները ունի։ Եւ դժբախտութիւնը այն է, թէ աշխարհիկ զանազան հոսանքներ կը մօտենան եկեղեցական կեանքին, մեր հաւատքին, մեզի կը հրամցնեն այնպիսի հաւատալիքներ, որոնց պատճառաւ մենք կամայ եւ ակամայ կը հեռանանք մեր հաւատքի հիմքերէն եւ առաքելական մեր Մայր Եկեղեցիէն՝ Քրիստոսի Մարմինէն։

Բառացի իմաստով առաքեալ կը նշանակէ՝ ղրկուած։ Սակայն, Քրիստոս իր աշակերտները միայն չղրկեց աշխարհ, նախ եւ առաջ հրաւիրեց, ըսելով. «Եկէ՛ք իմ ետեւէս»։ Որքա՜ն սուրբ նախադասութիւն մը, որ Քրիստոսի կը պատկանի։ Հրաւէր մը, որքան մեծ, որուն ընդառաջող անձը պիտի դառնայ նախ Քրիստոսի աշակերտը, յետոյ Քրիստոսի ուղեկիցը, ապա Քրիստոսի վարդապետութեան ուսուցանողը եւ ամենէն կարեւորը՝ եկեղեցւոյ հիմքը։ Կը յիշե՞նք Քրիստոսի ըսած խօսքը Պետրոս առաքեալին. «Պիտի հիմնեմ իմ եկեղեցիս ժայռի վրայ եւ այդ ժայռը դուն պիտի ըլլաս»։ Ինչպէ՞ս չյիշել Թադէոսը եւ Բարթողիմէոսը, երկու առաքեալները, որոնք եկան մեր ժողովուրդին Աւետարանը քարոզեցին եւ Հայ Եկեղեցին եւս դարձաւ առաքելական մեծ եկեղեցւոյ փոքր մասնիկներէն մէկը։

Յիսուս նախ կանչեց իր աշակերտները եւ իրենց պաշտօն յանձնեց։ Պարզ անձերը հրաւիրեց Քրիստոս եւ ո՛չ փրոֆեսէօրներ, ո՛չ մեծապատիւ անձեր եւ ո՛չ ալ հսկայ հարստութեան տէր անձեր։ Ան հրաւիրեց պարզ ձկնորսները եւ իրենց ըսաւ. «Ետեւէս եկէ՛ք»։ Պարզ անձերը հետեւեցան Քրիստոսի խօսքին, որուն համաձայն Իր հետ պիտի ընթրէին, ճամբորդէին, Իրեն պիտի օգնէին։ Այսքան պարզ պարտականութիւն մըն էր իրենց կատարածը, որ կարելի է նմանցնել քարտուղարութեան։ Բայց այս պարզութեան մէջ խորհուրդ խորինն էր կանչողը՝ Քրիստոսը եւ ո՛չ թէ ուրիշ մէկը։ Այս կանչը մտածել կու տայ առաքեալ բառին մասին, որով կը հասկնանք, թէ առաքեալ բառը հաւատացեալներս նախ եւ առաջ կը հրաւիրէ Քրիստոսի։ Քրիստոս պարզ ձկնորսները հրաւիրեց որպէս աշակերտ եւ ղրկեց աշխարհի չորս կողմերը՝ որպէս իմաստուն աշակերտներ։ Եւ բաղդատմամբ առաքեալներու, մենք աւելի գիտնական եւ հարուստ ենք ներկայիս, երբ Քրիստոս նոյն հրաւէրը կ՚ուղղէ նաեւ մեզի։ «Դուք եւս հրաւիրուած էք», կ՚ըսէ Քրիստոս բոլորիս, հրաւիրելով մեզ Իր ետեւէն երթալու։ Քրիստոսի գլխաւոր փափաքն է, որ մեր արժէքները հիմնաւորուին Իր ուսուցման եւ Ս. Աւետարանին վրայ։ Հետեւաբար, առաքեալ կը նշանակէ կանչուած եւ ապա ղրկուած։

Իսկ, ի՞նչ է առաքեալներուն դասը՝ ներկայ ժողովուրդին տրուած։ Առաջինն է անհատական առաքելութիւնը, իսկ երկրորդը՝ հաւաքական առաքելութիւն։

Քրիստոս իր աշակերտները մէկ առ մէկ եւ կամ զոյգ զոյգ հրաւիրեց, եւ ո՛չ թէ բոլորը միատեղ կանչեց։ Որովհետեւ Քրիստոս, կարծէք ցոյց տալ կ՚ուզէ նախ անհատական փրկութեան նշանակութիւնը, իր զաւակներուն եւ ժողովուրդին։ Իւրաքանչիւրս մէկ առ մէկ, անհատապէս հաւասարապէս արժէքաւոր ենք յաչս Քրիստոսի։ Իւրաքանչիւրս, ո՛չ նուազ արժէք ունինք, Իր եւ մեր Երկնաւոր Հօր առջեւ։ Իսկ միւս կողմէ, հաւասար սիրոյ փոխարէն տրուելիք պատասխանը անկ է մեր բոլորին՝ անհատապէս։ Աւետարանի մէջ կը յայտնուի, թէ ձկնորսներ սիրով հետեւեցան Քրիստոսի, առանց ոեւէ հարցման նշանի եւ կամ տարակուսանքի եւ ի վերջոյ անոնք Քրիստոսի սեղանակից դարձան, միանալով Վերջին ընթրիքի խորհուրդին։ Քրիստոսի Յարութենէն յետոյ, առանձնաշնորհեալ դարձան, երբ Յարուցեալը իրենց հետ ընթրեց ու խօսեցաւ։ Քրիստոս զանոնք աշխարհ ուղարկելէ առաջ շեշտեց, որ նախ առաքեալներ պէտք է հաւատային Քրիստոնէական հաւատքին։ Հետեւաբար, հաւաքական առաքելութիւնը կատարելու համար անձնական առաքելութիւնը պէտք է կատարելագործուի։

Հաւաքական կեանքէ ներս, զանազան հաստատութիւններէ ներս, խմբական աշխատանքներէ ներս, յաջողութեան գաղտնիքն է նախ անհատներու յաջողութիւնը։ Անհատներ նախ պէտք է հաւատան իրենց առաքելութեան ու այս մասին իտէալներ պէտք է ունենան։ Անոնք նախ պէտք է անհատապէս զօրանան հաւատքով, յոյսով եւ սիրով։ Տասնեւերկու անհատներ աշխարհը փոխեցին եւ ծնունդ տուին միլիառաւոր քրիստոնեաներու, որոնք միացան Քրիստոսի մեծ ընտանիքին։ Հետեւաբար անհատական ճամբորդութիւնը միշտ կարեւորուած է պատմութեան ճանապարհորդութեան ընթացքին։

Իսկ, հաւատարեալներու համար, նոյն օրինակը խօսուն պատգամի կը վերածուի եւ հաւատքի կեանքէն ներս յատկապէս լրջօրէն կը մատնանշէ, թէ առաքեալն ու առաքելութիւնը ներկայիս կը պակսին մեր մօտ։ «Հաւատամք»ի մէջ քանիցս կը կրկնենք եկեղեցւոյ առաքելականութիւնը, սակայն շատ ատեն առանց լաւապէս թափանցելու հաւատամքի տողերուն կը շարունակենք աղօթքի տողերը ընթերցել։ Անհատապէս տակաւին չենք կրնար հաւատալ Քրիստոսի առաքելական զօրութեան եւ այս տկարութիւնը կը յայտնուի նաեւ մեր հաւաքական կեանքէն ներս ։

Քրիստոսի զօրութիւնը կը նմանի սրբիչի մը, որ աղտոտ իրեղէնը մաքրելով փայլուն ձեւով հանրութեան կը ներկայացնէ։ Ամէն ո՛ք տեսնելով փայլող անօթը հիացումով կը դիտէ զայն։ Եւ մենք եւս, որպէս հաւատացեալներ, պէտք է մաքրուինք Քրիստոսով ու Իր Խօսքով։ Այլապէս, անհատական առաքելութիւնը, պիտի սկսի նախ իւրաքանչիւրէս եւ ո՛չ թէ ուրիշներէն։ Որքանո՞վ անհատապէս մենք առաքեալներուն հետեւորդներն ենք մեր տուներուն մէջ եւ որքանո՞վ նմանիլ կ՚ուզենք Քրիստոսի աշակերտներուն։ Երանի անոր, որ կը հետեւի այս կոչին, որուն իրականացման հաւաստիքը կու գայ նոյնինքն Քրիստոսէ։

Ի՞նչ կը նշանակէ հաւաքական առաքելութիւն, որուն մեծագոյն օրինակն է եկեղեցին։ Քրիստոսի ուսուցումն ու տրամաբանութիւնը կը նմանի հիմնաքարի գործունէութեան։ Զանազան քարեր կը միանան հիմնաքարին, որ կը կանոնաւորէ քարեղէն պատի մը կայունութիւնը։ Եթէ հիմնաքարը զօրաւոր է, մնացեալ պատը դիւրութեամբ չի փլիր։ Հիմնաքարն է Քրիստոսը, իսկ իրեն միացած միւս քարերը՝ առաքեալները։ Հիւսուած մեծ պատն է եկեղեցին, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ կանգուն ու օրհնեալ մնալ։ Հաւաքական առաքելութեան օրինակն է այս մէկը, որուն գագաթնակէտին վրայ կը գտնուի մեր Փրկիչը։ Եթէ հաւաքական գործունէութիւնները յաջողութեամբ պսակել կը փափաքինք, Քրիստոսը պիտի դնենք գագաթնակէտին վրայ։ Պիտի չարտօնենք, որ նիւթականը մեր անձերը եւ նոյնիսկ մեր ընտանիքները փոխարինեն Քրիստոսը։ Մենք եւս ջանանք միանալ նոյն կառուցուածքին։ Նախ պէտք է սերտօրէն կապուինք միասնաբար յաջողելու համար, նման Քրիստոսի աշակերտներուն։ Քրիստոնէական յոյսով պէտք է ամրանանք ու միանանք իրարու։ Այնպէս մը միանանք, որ ո՛չ մէկ արտաքին զօրութիւն կարողանայ զայն խախտել։ Ընդհանրական Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ փոքր մասնիկին՝ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւս վկան է այս իրողութեան։ Մեր նախնիք դրական եւ կամ ժխտական օրերէ անցան դարեր շարունակ, սակայն միշտ Քրիստոսը հիմնաքար ընդունելով համախմբուած էին։ Ներկայիս մեր արժէքները՝ զորս ունինք, այս տրամաբանութեամբ մեզի հասած են։

Հետեւաբար, առաքելական շունչով պատուիրան մը կը գտնենք մեր մօտ։ Այն ինչ որ հասած է մեզի որպէս օրհնութիւն, աշխատինք պահպանել զանոնք, որպէսզի օրհնութիւնը անէծքի չվերածուի։ Եթէ մենք մինչեւ այսօր չկարողացանք վայելել հաւաքական առաքելութենէ բղխած այս օրհնութեան զօրութիւնը, գոնէ աշխատինք այժմէն գտնել զայն եւ մեր զաւակներուն փոխանցել։ Դառնանք առաքեալներուն նման, գործենք առաքեալներու պէս ու ճամբորդենք առաքեալներու ծառայասիրութեամբ դէպի ապագայ։ Առաքեալք Քրիստոսի, բարեխօսեցէ՛ք առ Հայր վասն մեր։ Ամէն։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 16, 2021