ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Սերպիոյ նորանշանակ դեսպան Թաթիանա Փանաիոթովիչ Ցվետքովիչը։ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպման ընթացքին դեսպանը շնորհաւորեց նշանակման առթիւ եւ կարեւորեց Հայաստան-Սերպիա յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան ընդլայնումը։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ Հայաստանէ ներս Սերպիոյ դեսպանի մշտական ներկայութիւնը առաւել պիտի արդիւնաւորէ այդ աշխատանքը։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներու պատմական կապերուն՝ ընդգծելով նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Սերպ Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած սերտ յարաբերութիւնները։

Իր կարգին, դեսպան Ցվետքովիչն ալ անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներու պատմական անցեալին։ Ան ընդգծեց հայ եւ սերպ ժողովուրդներու կեանքէն ներս առկայ նոյնական խնդիրները համատեղ, գործակցութեան ոգիով յաղթահարելու անհրաժեշտութիւնը։

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2022