ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Բերկրառատ տաղաւարին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցան մեծահանդէս արարողութիւններ։ Ս. Գայիանէ վանքի սրբազան կամարներուն ներքեւ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Նորին Սրբազնութիւնը քարոզին մէջ անդրադարձաւ տօնի խորհուրդին ու վերյիշելով առաջին դարուն տեղի ունեցած իրադարձութիւնները՝ խօսեցաւ Ս. Աստուածածնի կերպարին եւ փրկագործութեան պատմութեան մէջ անոր ունեցած դերակատարութեան մասին։ «Երկու հազար տարի առաջ Աստուածամայրը մեզ չլքեց ու չգնաց, այլ կ՚ապրի մեր մէջ, կ՚ապրի բոլոր մայրերու մէջ եւ մենք անցեալով չենք խօսիր Աստուածամօր մասին, որովհետեւ ան այսօր մեզի հետ է», ըսաւ Նորին Սրբազնութիւնը։ Քարոզին մէջ Տ. Եզնիկ Արք. Պատրոսեան մասնաւոր անդրադարձ կատարեց որդեկորուստ մայրերուն՝ անոնց կրած ծանրագոյն ցաւերն ու վիշտերը համեմատելով Աստուածամօր տառապանքներուն հետ՝ ըսաւ. «Աստուածամօր նման Հայաստանի մէջ այսօր կան բազմաթիւ մայրեր, որոնք զաւակներ կորսնցուցին, որոնք ունին այն նոյն մայրական ցաւը, ինչ որ Աստուածամայրը ունէր եւ որոնց համար Աստուածամայրը իբրեւ օրինակ կրնայ ըլլալ՝ դիմագրաւելու համար այն ցաւերը, որոնք այսօր ունին իրենց հոգիին եւ իրենց սրտին մէջ։ Այս մտածումներով մաղթենք, որ ամոքուին վէրքերը՝ հոգեւոր վէրքերը մեր բոլոր մայրերուն, որոնք այսօր որդեկորոյս են, ամոքուին վէրքերը այն բոլոր կանանց, որոնք իրենց ամուսինները կորսնցուցին եւ ամոքուին վէրքերը այն բոլոր երեխաներու, որոնք իրենց հայրերը կորսնցուցին։ Թող Աստուածամայրը ձեր որդիներուն հետ ըլլայ այժմ եւ միշտ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։ Աստուածամայրը կենդանի է, ան մեզի հետ է։ Քրիստոս այս պահուն կու գայ Աստուածամայրը փոխադրելու։ Վաղը նոյնպէս Աստուածամայրը մեզի հետ պիտի ըլլայ, բոլորիս սրտերուն մէջ»։

Յաւարտ Ս. Պատարագի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի մեծահանդէս արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։

Թրքահայութիւնն ալ մեծ ոգեւորութեամբ նշեց Ս. Աստուածածնի տաղաւարը, որ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին թարմ եռանդ մը բերաւ վերջին օրերուն։ Մեր բազմաթիւ եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, հաւատացեալներու ուշադրութիւնը առաջին հերթին հիմնական քանի մը սրբավայրերու վրայ կեդրոնացած էր։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տօնակատարութիւններուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ գիւղի գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ խաղողօրհնէքը կատարուեցաւ բացօթեայ։ Ներկաները մեծ ոգեւորութիւն ապրեցան թէ՛ Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունելով եւ թէ Մուսա լերան վերակենդանացեալ աւանդութիւններուն հաղորդ դառնալով։

Ամրան շրջանի տաղաւարներու բնորոշ՝ քաղաքիս մէջ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Աստուածածնի տօնը նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասու անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի, երգեհոնով ընկերացաւ Սիրուն Սիրունեան։ Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր գործակից ընկերները զուգահեռաբար հիւրընկալեցին ԱՔ կուսակցութեան կղզեաց մասնաճիւղի ղեկավար Ուղուր Սինան Շէնը, որ մեր համայնքէն Հայրապետ Թոփլայըճըի հետ փութացած էր օրուայ տօնին առթիւ շնորհաւորութիւններ յղելու։

Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ ալ Ս. Աստուածածնի տօնը նշուեցաւ աւանդական շուքով։ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան մատոյց տաղաւարի Ս. Պատարագը եւ խնդրակատար եկեղեցւոյ մէջ խօսեցաւ խրատական մը։ Թաղային խորհուրդի անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին մեր այս հեռաւոր սրբավայրը փութացած հաւատացեալները։ Երէկուան տաղաւարը իրենց համար ունէր նաեւ զգացական տարբեր նշանակութիւն, որովհետեւ երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ Ս. Աստուածածնի տօնակատարութիւններէն կը բացակայէր իրենց բազմամեայ լուսահոգի ատենապետը՝ Յովհաննէս Սահակօղլուն, որու այրին՝ Սելին Սահակօղլու եւս ներկայ էր երէկուան արարողութիւններուն։

  

Երկուշաբթի, Օգոստոս 16, 2021