ԱՐՄԱՇՈՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ ԿՐՕՆԱԹԵՐԹ ՄԸ. «ՄԱՍԻՍ»

Հայ մամուլի պատմութեան մէջ ինքնուրոյն տեղ մը ունի Արմաշու պատմական Չարխափան Ս. Աստուածածին վանքը իր տպարանով, գրատպութեամբ եւ մանաւանդ վանքի պաշտօնաթերթ՝ «Յոյս» պարբերականով։

Երանաշնորհ Խորէն Պատրիարք Աշըքեան, նախքան Պոլսոյ պատրիարք ընտրուիլը,  4 դեկտեմբեր 1872-ին, տակաւին վարդապետ, կոչուած էր Արմաշու վանքի վանահայրութեան պաշտօնին։ Եպիսկոպոս օծուած էր 22 ապրիլ 1873-ին, ձեռամբ Գէորգ Դ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։  Իր վանահայրութեան շրջանին տպարանը օժտուած էր մեծ մամուլով ու արդիականացած կազմածներով  կը շարունակէր գործել։ Հակառակ այս դրական զարգացման վանքի տպարանը 1878-ի Ռուսական պատերազմի պատճառաւ յառաջացած տնտեսական տագնապէն կ՚ազդուէր։ Տպարանը վարձու տրուելով Նիկոմիդիա կը փոխադրուէր։ Իսկ «Յոյս» պարբերականի հրատարակութիւնը կը դադրէր 1877-ի տարեվերջին1։ Վանքի մամուլի սպասարկութեան մատնուած այս տագնապալի վիճակին վրայ կու գար 27 սեպտեմբեր 1888-ի հրդեհը, որ մոխիր կը դարձնէր Արմաշու ամբողջ վերի մասը, վանքին հարաւակողմը կառուցուած Ղեւոնդեան վարժարանը եւ անոր կցուած հիւրանոցը։ Այս դժբախտ պատահարէն երկու օր յետոյ վանահայրը կ՚ընտրուէր Պոլսոյ պատրիարք։

Այս հրդեհի մոխիրներէն 5 յունիս 1889-ին հրապարակուած պատրիարքական կոնդակով պիտի ծնէր Պոլսոյ Պատրիարքութեան «Դպրեվանք»ը, բարոյական ու վարչական աջակցութեամբը Մաղաքիա Եպսկ. Օրմանեանի (յետագային՝ Պոլսոյ պատրիարք) եւ բարերարութեամբ՝ Աբիկ Ունճեանի։ Հայ Եկեղեցւոյ համար ընդհանրապէս, իսկ Պոլսոյ Պատրիարքութեան հոգեւոր իրաւասութեան ենթակայ եկեղեցիներուն համար մասնաւորապէս պատրաստուած եկեղեցականներ ունենալու կարիքը դիմագրաւելու առաջադրութեամբ 1889-ի սեպտեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն ընդունուած էին 20 աշակերտներ, որոնց պատրաստութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած էր Եղիշէ Ծ. Վրդ. Դուրեան (յետագային՝ եպիսկոպոս, փոխ-վանահայր Դպրեվանքի, Պոլսոյ եւ հուսկ Երուսաղէմի պատրիարք)։

Դպրեվանքի անդրանիկ դասարանէն եօթ սարկաւագներ ուխտեցին եկեղեցւոյ ծառայել որպէս կուսակրօն քահանայ։ Այս եօթ սարկաւագներ 18 յունիս 1895-ին Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածին տաճարին մէջ քահանայ ձեռնադրուեցան եւ վեղար ստացան ձեռամբ Մաղաքիա Եպսկ. Օրմանեանի եւ յաջորդ տարի իրենց ուսումնասիրութիւնները ներկայացնելով 4 մայիս 1886 ին ստացան վարդապետական գաւազան. Բաբգէն Վրդ. Կիւլէսէրեան, Խոսրով Վրդ. Պեհրիկեան, Զաւէն Վրդ. Տէր Եղիայեան, Մուշեղ Վրդ. Սերոբեան, Սմբատ Վրդ. Սաատէթեան, Աղան Վրդ. Համամճեան եւ Մաշտոց Վրդ. Փափազեան։

Արմաշու Դպրեվանքի անդրանիկ սաները իրենց հոգեւոր ծնողին նախաձեռնութեամբ լծուեցան ժողովուրդին ծառայելու նաեւ գրիչով եւ այսպէսով «1 յունիս 1896-ին։ հրապարակի վրայ երեւցաւ հնօրեայ «Մասիս»ը իբրեւ կրօնական հանդէս»2, որպէս «Շաբաթաթերթ կրօնական, ազգային, գրական, գիտական եւ քաղաքական»։

«Արեւելեան Մամուլ»ը Զմիւռնիայէն կ՚ողջունէր «Մասիս»ի հրատարակութիւնը, խմբագրութեամբ՝ Արմաշու Դպրեվանքի միաբանութեան։ Կը յիշեցնէ, թէ թերթը շարունակութիւնը չէր անցեալի պաշտօնաթերթ «Յոյս»ին, այլ կը հրատարակուէր «նորագոյն լոյսերով՝ որոց մէջ կը փայլին յատկապէս Օրմանեան Սրբազանն, Դուրեան վարդապետն՝ բոլորուած նորընծայ աբեղաներու համաստեղութեամբ, որ անշուշտ իրենց ստացած բարձր դաստիարակութեան եւ ուսմանց արգասիքն պիտի ջամբեն Հայ ժողովրդեան «Մասիս»ի միջոցաւ, եւ մանաւանդ եկեղեցական բարեկարգութեան եւ կրօնական դասուն զարգացման համար լուսաւոր խորհուրդներ եւ տեսութիւններ պիտի սփռեն»3։ 

Թորգոմ Եպսկ. Գուշակեան, Արմաշու Դպրեվանքի 25-ամեակի յոբելենական յուշամատեանի մէջ կ՚անդրադառնայ, թէ «Դպրեվանքի գրական արդիւնաւորութեան հիմը կը դրուէր նորընծայ եօթը աբեղաներու աւարտական ուսումնասիրութիւններով», ապա կը շարունակէ.

«Նոյն տարին, «Արեւելք»ի տնօրէնութեան կողմէ եղած առաջարկի մը համաձայն, Դպրեվանք ստանձնեց «Մասիս» կրօնական հանդէսին հրատարակութիւնը։ Օրմանեան եւ Դուրեան իրենց եօթը անդրանիկ սաներուն հետ խմբագրեցին զայն եւ յաջողեցան գրական, կրօնական եւ եկեղեցագիտական նիւթերու ժողովրդական մշակութեան շահեկան թերթ մը ընել զայն, որ եթէ քաղաքական հարկադրիչ պարագաներու բերմամբ չդադրէր, պիտի կրնար անշուշտ ունենալ աւելի ընդարձակ ու տեւական օգտակարութիւն մը»4։

«Մասիս» շաբաթաթերթը ի սկզբանէ սկսած էր լոյս տեսնել 2 փետրուար 1852-ին, որպէս «լրագիր քաղաքական, ազգային, բանասիրական եւ տնտեսական», խմբագրութեամբ՝ Կարապետ Իւթիւճեանի, որ 1851-ին նոր վերադարձած էր Փարիզէն։ Կարապետ Իւթիւճեան մինչեւ 1884 յունիսի վերջը թերթին թէ՛ տէրն էր եւ թէ՛ խմբագիրը։ Այդ թուականէն յետոյ թէեւ պահեց արտօնատիրութեան հանգամանքը, սակայն թերթի վարչութիւնը անցաւ «Արեւելք»ի վարչութեան5։ Արդէն այդ կը տեսնուի «Մասիս» կրօնաթերթի անուանաթերթին վրայ։

«Մասիս» կրօնաթերթի հրատարակութեան սկսած տարիին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գահակալն էր Մատթէոս Բ. Իզմիրլեան։ Դպրեվանքի հաստատութեան նախաձեռնարկը՝ Խորէն Պատրիարք 1874-ին հրաժարած ըլլալով չէր կրցած անդրանիկ սաները ողջունել որպէս վանահայր։ Այդ վիճակած էր Մատթէոս Պատրիարքին։ Նաեւ Դպրեվանքի հրատարակութիւնն ալ պիտի արժանանար 1 յունիս 1896 թուակիր քաջալերական պատգամին, որուն միջոցաւ Պատրիարքը «պիտի յայտնէր իր գոհունակութիւնը թերթի հրատարակութեան առթիւ, նաեւ վստահութիւնը՝ ազգին կողմէ ընձեռելի բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան»։ Մատթէոս Պատրիարք, Դպրեվանքի փոխ-վանահայր եւ վերատեսուչ Մաղաքիա Եպսկ. Օրմանեանի ուղղեալ իր պատգամին մէջ ի միջի այլոց կ՚ըսէր.

«…Ազգային կրօնական թերթի մը հրատարակութեան պէտքն արդէն ի վաղուց զգալի եղած է ազգիս մէջ, թերթ մը, որոյ նպատակը լինի քրիստոնէական կրօնի սէրն արծարծելու, բարեպաշտութեան ոգին վառ պահելու եւ Ս. Աւետարանի բարոյականի վեհ սկզբունքները ծաւալելու ժողովրդեան մէջ. հետեւաբար այնպիսի թերթի մը պարունակութիւնը պէտք է որ ամենայնիւ համաձայն լինի Յիսուսի Քրիստոսի Տեառն մերոյ Ս. Աւետարանի ուղիղ բարոյականին եւ Մեր Առաքելական Ուղղափառ Ս. Եկեղեցւոյ դաւանութեան, աւանդութեանց եւ ծիսից, բնական է որ հոգեշահ եւ բարոյալից յօդուածներ պարունակող կրօնական թերթ մը կը նպաստէ զարգացման հոգեւոր կենաց մեր սիրելի ազգայնոց…»։6

Մաղաքիա Եպիսկոպոս կը փափաքէր, որ Արմաշական Հայրերը գրելու մղուին եւ այդ միջոցաւ իրենց խոհերը արձանացնեն եւ ընթերցող հասարակութեան հոգեւոր գրականութիւն մատակարարեն։ Այս պատճառաւ էր, որ «Մասիս» կրօնաթերթի հրատարակութեան կողքին կեցաւ եւ ոչ միայն կողքին կեցաւ, այլ նաեւ իր գրիչով օրինակ հանդիսացաւ նորապսակ հոգեւորականներուն։

Մաղաքիա Եպիսկոպոս, հանդէսի առաջին թիւի խմբագրականով կ՚ողջունէր ընթերցողները, յիշեցնելով, թէ կրօնական թերթի հրատարակութիւնը նորութիւն մը չէր եւ «Մասիս»ի հրատարակութիւնը իրականացումն էր իրենց պատրաստակամութեան եւ շատերու փափաքին։ Կը գրէր.

«Դպրեվանքը, իբրեւ կատարեալ եկեղեցական հաստատութիւն, եկեղեցւոյ շուրջը գործելու պարտաւորութիւնը կը զգայ, եւ գիտէ թէ իւր պարտքը միայն վարդապետներ կրթել եւ հասցնել չէ, միայն ամուսնաւոր կամ աշխարհիկ քահանայութեան համար աշխատիլ չէ, այլ եւ հասարակ ժողովրդեան կրօնական պէտքերուն համար ալ օգտակար հրատարակութիւններ կատարել իւր նպատակին մէջն է»։

Կը խոստովանի, թէ «պէտքը շատ, միջոցը քիչ եւ ամէն բան միանգամայն կատարել անհնարին»։ Կը բացայայտէ, խմբագրութիւնը ստանալու պատճառը, որ էր կրօնաթերթի մը հրատարակութեան Դպրեվանքի նպատակներէն մին ըլլալու նկատմամբ ունեցած հաւատքը։ Կը ներկայացնէ պարբերաթերթին նպատակը, որ է «ժողովուրդին օգտակար ըլլալ, կրօնք եւ բարոյական բացատրել, հաւատք եւ եկեղեցի պարզաբանել»։

Խմբագրականին մէջ կայ այլ կարեւոր կէտ մը, բանալին՝ առողջ գործելակերպի, որ կ՚որդեգրուի ինքնավստահ գործունէութեամբ.

«Բան մըն ալ ուստից որոշած եմք խորշիլ՝ վիճաբանութիւնն է, ըլլայ այն անձնական խնդիրներու վրայ, ըլլայ անկարեւոր պարագայից վրայ։ Ընդդիմաբանութիւնն սնոտի ժամավաճառ մըն է, որ հանրութեան օգուտ չունի։ Հետեւաբար կանուխէն կը յայտարարեմք, թէ անոնք որ մեզի հետ կամ մեզի դէմ խնդիրներ յարուցանել կը մտաբերեն, մեզմէ պատասխանի չսպասեն։ Պատասխանը ընդդիմաբանութեան եւ վիճաբանութեան դուռ կը բանայ, եւ ապահովութեան կանոնն է, վտանգներէն փախչիլ»։

Թերթը լոյս կը տեսնէր «Արեւելք» թերթի տպարանին մէջ։ Հատով կը վաճառուէր 1 ղրշ.ի փոխարէն։ Բաժանորդագրութեան պայմաններն էին տարեկան՝ 40 ղրշ., վեցամսեայ՝ 20 ղրշ., թղթատարութեան ծախք՝ տարեկան 10 ղրշ.։ Բաժանորդագրութեան համար դիմումները կը ներկայացուէին «Արեւելք» լրագրի տնօրէնութեան, որ կը գտնուէր Ղալաթիա, Նորատունկեան խան։ Թէ՛ մայրաքաղաքի եւ թէ՛ գաւառներու բաժանորդագիրներու համար որոշուած էր, որ կանխիկ վճարուին եւ բաժանորդագրութիւնները կը սկսէին իւրաքանչիւր ամսի 1-ին եւ կամ 15-ին։

«Մասիս» կրօնաթերթը ամէն շաբաթ լոյս կը տեսնէր։ Սակայն Դպրեվանքէն ներս ստեղծուած այս դրական շարժումը դժբախտաբար անելի մատնուեցաւ։ Տիրող քաղաքական պայմաններուն բերմամբ Մատթէոս Պատրիարքի պաշտօնավարութիւնը կը դժուարանար։ Այս առումով Պատրիարքը 22 յուլիս 1896-ին կը հրաժարէր։ Պետական հրամանաւ կազմուած Խառն ժողովը 27 յուլիս 1896-ին (Նոր Տոմարով՝ 8 օգոստոս) Պրուսայի նախկին առաջնորդ՝ Բարթուղիմէոս Արք. Չամիչեանը տեղապահ կ՚ընտրէր։ Այս ընտրութիւնը դուռ պիտի բանար, որ Արմաշու Դպրեվանքի երկնակամարը մթագնէր։ Բարթուղիմէոս Արքեպիսկոպոս գրեթէ անտարբերութեամբ կը վարուէր այս օրհնեալ կրթական յարկին հետ։

Այս վիճակին մէջ «Մասիս»ի 11-րդ թիւը, կը հանդիսանայ թերթի կարապի երգը։ Որպէս վերջին թիւ, կը կրէր 10 օգոստոս 1896 թուականը։ Պոլսոյ մէջ կը տիրէր ձգտեալ կացութիւն, իսկ համայնքային կեանքը կը ջանար ալեկոծութեան ու փոթորիկներու մէջէն ընթանալ։ Մաղաքիա Եպիսկոպոս կը նկարագրէ 14 օգոստոս 1896-ի Օսմանեան դրամատան մէջ պայթած ռումբերու պատճառաւ յառաջացած տագնապը ու անոր յաջորդած դժբախտ պատահարները։ Երանաշնորհ Սրբազանը իր կողքին ունենալով Մուշեղ եւ Աղան վարդապետները «Արեւելք»ի խմբագրատան մէջ զբաղած էր «Մասիս»ի տպագրութեամբ։   Ցգտեալ մթնոլորտի մէջ հրաշքի համազօր երեւոյթով մը կը յաջողի իր բնակարանը հասնիլ, Ղալաթիայէն Բերա, իր կողքին ունենալով երկու վարդապետները7։

Տեղապահը եւ վարչութեան յառաջադէմ անձերէն Յովհաննէս Նուրեան անհասկնալի ուրախութիւն մը կը զգային ի տես Դպրեվանքի մատնուած անբարունակ վիճակին, արդիւնք՝ հրաժարումներու, նեղութիւններու, անձկութիւններու նիւթական անբաւարարութիւններու։ Այդ բոլորը կու գային պատճառ հանդիսանալ, որ Դպրեվանքի կրթական առաքելութիւնը խափանուէր։ Անոնք նոյնիսկ յանդգնաբար կ՚առաջարկէին «Դպրեվանքին հոգւոցը արտասանել»։ Բարթուղիմէոս Արքեպիսկոպոսի փափաքն էր թաղական խորհուրդներու ատենապետներէն բաղկացած  ժողովէ մը պատրիարք ընտրուիլ։ Սակայն եւ այնպէս Յարութիւն փաշա Տատեանի տեղին միջամտութեամբը Օսմանեան սուլթան՝ Ապտիւլհամիտ Բ. կը համոզուէր եւ պատրիարքական ընտրութիւնը կը կատարուէր օրինական ձեւով։ Կանոնական ընտրութեամբ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը կ՚ունենայ իր նոր գահակալը, յանձին՝ Մաղաքիա Եպիսկոպոս Օրմանեանի։

Այս ընտրութիւնը պիտի ունենար բարերար ազդեցութիւն Դպրեվանքի առաքելութեան վրայ եւ ըստ նախընթացի պիտի շարունակուէր կրթանուէր գործունէութիւնը, հոգեւորականներ եւ ուսուցիչներ պատրաստելու ուղղութեամբ, վայելելով նորընտիր Պատրիարք Հօր հովանաւորութիւնը։

Մատենադարաններու մէջ պահուած «Մասիս» կրօնաթերթի հաւաքածոն ինքնին կը վկայէ, Արմաշական հայրերու ստացած կրթութեան մասին։ Անոնք այսօր կը շարունակեն ապրիլ իրենց թողած գրական վաստակներով։ «Մասիս» կրօնաթերթի տասնեւմէկ թիւերու ընդհանուր պարունակութեան մէջ իրենց ներդրումը բերած են Եղիշէ Ծ. Վարդապետ՝ 10, Մուշեղ Վարդապետ՝ 10, Բաբգէն Վարդապետ՝ 9, Խոսրով Վարդապետ՝ 8, Մաղաքիա Եպիսկոպոս՝ 6, Զաւէն Վարդապետ՝ 6, Աղան Վարդապետ՝ 5, Սմբատ Վարդապետ՝ 4, Մաշտոց Վարդապետ՝ 4 յօդուածներով։ Օրհնեալ ըլլայ բոլորին յիշատակը։

Հանգստեան աղօթքով կը յիշենք Արմաշու Դպրեվանքի հիմնադիր՝ Խորէն Պատրիարքը, այս սերունդը պատրաստող Մաղաքիա եւ Եղիշէ պատրիարքները, Դպրեվանքի բարերար՝ Աբիկ Ունճեանը եւ բոլոր այն ազնիւ հոգիները, որոնք գաղափարի միութեամբ, միշտ վեր առնելով եկեղեցւոյ շահերը, ծառայեցին զոհողութեամբ։

Տ. ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

5 սեպտեմբեր 2021, Գնալը կղզի


1 Տամատեան Գրիգոր Աւ. Քհնյ., «Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածին վանքի տպարանը», Իսթանպուլ, 2020։

2 Օրմանեան Մաղաքիա Արքեպս., «Խոհք եւ խօսք», Երուսաղէմ, 1929, էջ՝ 160։

3 «Հայրենիք եւ Մասիս», Արեւելեան Մամուլ, 26-րդ տարի, թ. 12, 15 յունիս 1896, Զմիւռնիա,  էջ՝ 383։

4 Թ[որգոմ].Ե[պիսկոպոս].Գ[ուշակեան],. «Արմաշու Դպրեվանքին 25-ամեայ յոբելեանին առթիւ, 1889-1914», Կ.Պոլիս, 1914, էջ՝ 66։

5 Գալէմքեարեան Հ. Գրիգորիս Վրդ., «Պատմութիւն հայ լրագրութեան, ի սկզբանէ մինչեւ մեր ժամանակը», Վիեննա, 1893, էջ՝ 125 - 137։ Տես նաեւ՝ Խմբագրական կոլէգիա՝ Խառատյան Ա.Ա., Մխիթարյան Մ.Հ., Գեւորգյան Լ.Մ., «Հայ Պարբերական Մամուլի Պատմություն, XVIII-XIX Դարեր», հտ. 1, Գահիրէ, 2006, էջ՝ 231-252։

6 «Թուղթ Օրհնութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր», Մասիս, ԽԵ տարի, 15 յունիս 1896, թ. 3, Կ.Պոլիս, էջ՝ 67-69։

7 Օրմանեան Մաղաքիա Արքեպս., «Խոհք եւ խօսք», Երուսաղէմ, 1929, էջ՝ 166-170

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2021