ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդունեց «Սինոփսիս» ընկերութեան նախագահ Չի-Ֆուն Չանը, որուն ընկերացաւ «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան։ Զրոյցի ընթացքին Մուսայէլեան նշեց, որ «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութիւնը ամէն տարի կը կազմակերպէ մրցանակաբաշխութիւն մը, որով Հայաստանի անունով պետական մրցանակ մը կը շնորհուի այնպիսի անձերու, որոնք տեղեկատուութեան թեքնոլոժիներու ոլորտէն ներս ներդրում ունեցած են համաշխարհային մակարդակով։ Այս տարուայ դափնեկիրը եղած է Չի-Ֆուն Չան, որ ներկայիս կ՚այցելէ Հայաստան։

Ողջունելով հիւրերը, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց Չի-Ֆուն Չանը, որն ալ, իր հերթին, Նորին Սրբութեան ջերմ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց՝ ընդգծելով, որ մեծ պատիւ է հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեդրոնէն ներս գտնուիլը։

Զրոյցի տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան՝ տեղեկատուական թեքնոլոժիներու ոլորտի հեռանկարներուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2021