Տ. ԿՈՐԻՒՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԴԱՏԻ ՏԱԼ ՏԵՆԻ ՌՈԹՄԱՆԸ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ըստ որու 2023 թուականի նոյեմբերի 6-ին փաստաբան Քլակսպալտ՝ «Arnon» ընկերութեան փաստաբան Ապարպանելին ուղարկած է նամակ մը, որու մէջ միանգամայն զրպարտչական յայտարարութիւն կատարուած է Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեանի հասցէին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Պաղտասարեանի վերագրուած կեղծ մէջբերման համաձայն՝ սրբազան հայրը 2023 թուականի նոյեմբերի 5-ին Տենի Ռոթմանին փոխանցած է Հայկական պարտէզներու տարածքը։ 2023 թուականի նոյեմբերի 7-ին Իսրայէլի լրատուամիջոցներէն «Y-net»ը հրապարակած է յօդուած մը, որու մէջ անդրադարձ կատար-ւած է վերոնշեալ նամակին։ Այսպէս, Երուսաղէմի հայ համայնքի անդամները բողոքեցին յօդուածի միակողմանիութեան կապակցութեամբ։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը հերքած է Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Պաղտասարեանին վերագրուած բոլոր յայտարարութիւնները եւ հաղորդած է, որ նորին սրբազնութիւնը կը պատրաստուի դատի տալ Ռոթմանը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023