ՎԱՐԱԿՄԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԴԷՊՔԸ

Ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր հոգեւորականաց դասէն՝ Պատրիարքարանի հրատարակչութեան բաժնի պատասխանատու Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան վարակուած է քորոնաժահրով։ Մեր հոգեւոր հայրերու շարքին ան հերթական վարակեալն է դժբախտաբար։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս կատարուած քննութիւններու լոյսին տակ ախտաճանաչուած է, որ հայր սուրբը վարակուած է։ Բժիշկներու յանձնարարութեամբ իսկոյն ձեռնարկուած է անհրաժեշտ դարմանման եւ ան մտած է մեկուսացման մէջ։ Այսօր իր մեկուսացման շրջանի վերջին օրն է։ Այս առաւօտ կարճ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի հետ, որ մեզի յայտնեց, թէ ինքնազգացողութիւնը լաւ է, կը զգայ յարաբերաբար աւելի կազդուրուած։ Ան յայտնեց, որ Աստուծոյ կամքով՝ այսօր մեկուսացման շրջանը կ՚աւարտի եւ վերստին անհրաժեշտ քննութիւններէ կ՚անցնի, ակնկալուած արդիւնքներու պարագային ալ կը վերադառնայ բնականոն կեանքի։

Միւս կողմէ, նոյնպէս ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր հոգեւորականաց դասէն Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան եւս այս շրջանին դարմանման տակ կը գտնուին՝ վարակուած ըլլալով քորոնաժահրով։

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022