ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ

Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի հանդիսապետութեամբ, երէկ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ հոգելոյս Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան երախտաշատ հարազատներուն։ Շաբաթավերջի արարողութիւններուն ի շարունակութիւն սա եղաւ հերթական բարոյական տուրքը՝ անոնց կողմէ ի հիմանէ կառուցուած եկեղեցւոյ երդիքին տակ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2024