ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ՝ Ս. Զատկի տօնին յաջորդած ներկայ շրջանին շնորհաւորական այցելութիւններ տալ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ այցելեց Վատիկանի ներկայացուցչութիւնը, ուր ընդունուեցաւ Իսթանպուլի պապական փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրոյի կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը թրքահայ համայնքին անունով շնորհաւորեց Մոնս. Փալինուրոն՝ մաղթելով, որ տաղաւարը առիթ դառնայ հաւատացեալներու հոգեւոր վերազարթօնքին եւ հաւատի զօրացման։

Բացի Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեանէն, այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Պատրիարքարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան եւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2024