ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով գրասենեակի Աւստրիոյ կոմիտէն Վիեննայի Պատմական արուեստներու թանգարանին մէջ կազմակերպեց միջազգային գիտաժողով-քննարկում մը։ Այս նախաձեռնութեան առանցքին կը գտնուէին Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան եւ պահպանման հիմնախնդիրներուն վերաբերեալ հարցեր։

«Մշակոյթը հակամարտութեան մէջ. Հարաւային Կովկասը այսօր» խորագրեալ գիտաժողովի բացման հանդէս եկաւ տքթ. Եասմին Տում-Թրակում, որ կը ղեկավարէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով գրասենեակի Աւստրիոյ կոմիտէն։ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան եւ ողջոյնի խօսքը ընթերցուեցաւ Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի հայրապետական պատուիրակ Տ. Տիրան Եպսկ. Պետրոսեանի կողմէ։ Մասնակիցներուն իր ողջոյնի խօսքը յղեց նաեւ Վիեննայի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Պապիկեան։

Զեկուցումներով հանդէս եկան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով գրասենեակի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։

Միջազգային եւ հայ բանախօսները ընդգծեցին, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս կ՚արձանագրուին հայ-քրիստոնէական մշակոյթի ոչնչացման եւ աղճատման բազմաթիւ դէպքեր, որոնք կը վկայեն հայկական հոգեւոր ժառանգութեան հետքին վերացման ուղղեալ պետական քաղաքականութեան մասին։ Ատրպէյճանի այս յանցաւոր քաղաքականութեան վկայութիւնները ներկայացուեցան փաստագրական նիւթերով. օրինակ՝ արբանեակային լուսանկարներ, տեսագրութիւններ եւ այլն։

Այս նախաձեռնութեան համակազմակերպիչն էր «Միջազգային կապոյտ վահան»ի հիմնադիր նախագահ Քարլ Հապսպուրկ, որ անթաքոյց գնահատականներ տուաւ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն։ Ցուցադրուեցաւ նաեւ «Մշակութային հակամարտութիւն» խորագրեալ վաւերագրական ժապաւէնը։

Այս գիտաժողովի շրջանակներէն ներս կազմակերպուեցաւ նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի վանքի գրադարանէն ներս ի պահ դրուած՝ Արցախի մէջ տարբեր ժամանակներով ստեղծուած ձեռագիր կամ տպագիր մատեաններու եւ ուշագրաւ այլ նիւթերու ցուցահանդէս մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2022