ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԿՈՂՄԷ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Անթիլիասէն այս շրջանին օժանդակութիւն կը ցուցաբերուի լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու համար։ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական ուսանողներու միութեան երիտասարդները, որոնք Կիլիկեան Աթոռի հովանաւորութեան տակ կը գործեն, վերջին օրերուն այդ օժանդակութիւնները հասցուցին քսան կարիքաւոր հայ ընտանիքներու։ Միութեան հոգեւոր խորհրդատու Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շառոյեանի գլխաւորութեամբ անոնք փութացին այդ ընտանիքներու բնակարանները, ուր արկղերը յանձնելու առընթեր անոնց զօրակցութիւն յայտնեցին եւ աղօթքով ու քաջալերական արտայայտութիւններով փորձեցին գօտեպնդել նպաստընկալ ընտանիքները։

Այս ծրագիրը կեանքի կոչուած է բարերարի մը նուիրատուութեամբ։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021