Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պարնաուլի եւ Ալթայի Սերկիյ Իվաննիքով մետրապոլիտին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Պարնաուլի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Յակոբեան։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայ Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներուն միջեւ ձեւաւորուած եղբայրական դարաւոր յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ պատմական Դադիվանքին, որու գործունէութիւնը յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ հնարաւոր դարձաւ շարունակել շնորհիւ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսաստանի Քիրիլ Ա. Պատրիարքի միջնորդական ջանքերուն։

Միւս կողմէ, Ս. Յովհաննէս Կարապետի եւ Ս. Աթանգինէ Եպիսկոպոսի տօնը երէկ նշուեցաւ հանդիսաւորապէս։ Այս տօնը նաեւ Էջմիածին քաղաքի Ս. Շողակաթ վանքի ուխտի օրն է։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2022