ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նշեց Տէր Յիսուս Քը-րիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։ Վարդավառի առթիւ, Սիւնեաց թեմի առաջնորդանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ քահանայական ձռնադրութիւն։ Սահմանամերձ Գորիս քաղաքի այս սրբավայրին մէջ Վարդավառի տօնին օրը ստեղծուեցաւ բացառիկ ոգեւորութիւն։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Ս. Պատարագի ընթացքին քահանայական ձեռնադրութիւն կատարուեցաւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի տնօրէն Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեանի ձեռամբ։ Այսպէս, քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացան երեք սարկաւագներ, որոնք ցարդ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներէն կամ թեմերէն ներս ծառայութիւն կը մատուցէին։ Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին սրբազնութիւնը խրատական մըն ալ խօսեցաւ քահանաներուն ուղղեալ։

Հարկ է նշել, որ նորապսակ քահանաները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի բոլորեն իրեց քառասնօրեայ պատրաստութեան եւ ապաշխարութեան շրջանը։ Նորընծաները աւելի վերջ ծառայութեան պիտի կոչուին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զանազան թեմերէն կամ կառոյցներէն ներս։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ալ, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ։ Տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 17, 2023