ՃՇՄԱՐԻՏ ՈՐԹԱՏՈՒՆԿԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարը։ Աշխարհի ամէն կողմ աւանդական շուքով նշուեցաւ Սուրբ Աստուածածնի տօնը եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատացեալ զաւակները զիրար ողջունեցին յոյսով եւ տօնական ուրախութիւնով։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Բերկրառատ օրուայ առթիւ Մայրավանքի համալիրէն ներս Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Օրուան պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Սրբազան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Արմաւիրի մարզպետ Համբարձում Մատթէոսեան եւ Էջմիածնի քաղաքապետ Տիանա Գասպարեան։

Ս. Պատարագի ընթացքին Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան խօսեցաւ քարոզ մը։ Ներկայացնելով տօնի խորհուրդը՝ ան ընդգծեց, որ դեռատի օրիորդ Մարիամը իր կամքը հնազանդեցուց Տիրոջ յորդորներուն եւ երբ ժամանակը եկաւ, դարձաւ Աստուածամայր, լոյս աշխարհ բերաւ մարդկութեան փրկիչը՝ կրելով բոլոր դժուարութիւնները եւ եօթ վերքերը չսպիացած ապրեցաւ մեր փրկութեան համար իր զաւկի խաչ բարձրանալու առաքելութեան գիտակցումով։

«Մարդկային կեանքը կը գեղեցկանայ եւ իմաստ կը ստանայ յիշողութիւններով՝ բարի, արժանավայել կեանքի եւ գործերու մասին վերապրումով։ Աստուածապարգեւ կեանքը երկրային բարիքներու վայելքը չէ միայն, այլեւ՝ զանոնք ստեղծելու եւ բացառապէս ի բարիս գործածելու կարողութիւնն ու կամքը։ Աստուծոյ առջեւ ամէնքս, բոլորս հաւասար ենք, սակայն տարբեր է մեր առաքելութիւնը՝ ուսուցանել, քարոզել, ստեղծել, կռուիլ, բժշկել, ղեկավարել։ Պէտք չէ շեղուինք մեր առաքելութենէն՝ գայթակղուելով փառասիրութեամբ, հպարտութեամբ, արծաթսիրութեամբ։ Մաքուր պահենք մեր սրտերը եւ մեր աղօթքները, խըն-դրանքներն ու հայցերը, զանոնք ուղղելու ժամանակ չփորձենք «զմտաւ ածել», որ առաւելութեան դոյզն իսկ հնարաւորութիւն ունինք։ Խոնարհենք մեր հայեացքը՝ մտքի աչքերը առ Աստուած ուղղելով։ Հնազանդեցնենք մեր կամքը, բարին, օգտակարը, ճշմարիտը կատարելու եւ լաւը դառնալու հաստատուն համոզումով», ըսաւ քարոզիչ սրբազանը՝ հաստատելով, որ զօրութիւններու Տէրը, Արարիչը ամենայն շնչաւորներու եւ անշունչներու, խաղաղ սրտի իղձերուն կեանք պիտի պարգեւէ եւ իրականութիւն պիտի դարձնէ բոլոր աղօթքներն ու հայցերը։

Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան խօսեցաւ նաեւ Հայոց Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Խաղողօրհնէքի նշանակութեան մասին։ Ի մասնաւորի ան ըսաւ. «Մենք, քրիստոնեաներս՝ որպէս տարուայ բերքի խորհրդանիշ օրհնելու նպատակով ընտրեցինք խաղողը, որովհետեւ մեր Տէրը, Յիսուս Քրիստոս խաղողի որթը պատուեց յայտարարելով, թէ «Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը»։ Այդ որթատունկի պտուղի՝ խաղողի հիւթն է, որ Քրիստոս օրհնեց որպէս նոր ուխտի իր արիւնը, որով մենք ազատուեցանք մեղքերու ծառայութենէ ու մահէ եւ նոր կեանք ստացանք»։

Յաւարտ Ս. Պատարագի Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ Ս. Տրդատի բաց խորանին վրայ կատարուեցաւ Խաղողօրհնէքի հանդիսաւոր կարգը։ Օրհնուած խաղողի ողկոյզները բաժնուեցան հաւատացեալ ժողովուրդին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2020