ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։ Տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին կացութեան։ Շօշափուեցան նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան վերաբերեալ հարցեր։

Բաց աստի, Արամ Ա. Կաթողիկոս տեսակցեցաւ նաեւ Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Ալ-Խազէնի հետ։ Նորին Սրբութիւնը եւ դեսպանը կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Լիբանանի առկայ ծանր կացութիւնով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ։ Այսպէս, մասնաւորապէս օրակարգի վրայ եկան վերջերս Վատիկանի մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Սրբազան Պապի ներկայութեամբ կազմակերպուած՝ Լիբանանի հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպման արձագանգները, անոր յաջորդած աշխատանքները։ Դեսպան Ալ-Խազէն Անթիլիաս այցելելէ առաջ նոյն կապակցութեամբ հանդիպումներ ունեցած էր նաեւ Լիբանանի Հանրապետութան նախագահ Միշել Աունի եւ Մարոնիթ եկեղեցւոյ Ռաի Պատրիարքին հետ։

Բաց աստի, անցեալ շաբաթավերջին Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց նաեւ Պէյրութի մօտ Լեհաստանի դեսպան Փրիմիսլաօ Նիսիոլովսքին։ Զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան Լեհաստան-Լիբանան յարաբերութիւնները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Լեհաստան-Հայաստան կապերուն։ Օրակարգի վրայ եկան Լեհաստանի հայ գաղութի ներկայ վիճակն ու երկրի մշակոյթի նախարարութեան՝ համապատասխան ծրագրերը։ Զրոյցին ներկայ էր նաեւ Լեհաստանի Մշակոյթի նախարարութեան տնօրէնուհի Մաթէ Պօղոսովիչ, որ միեւնոյն ժամանակ երկրի հայ համայնքի ներկայացուցիչն է։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021