ՍՈՒՐԲ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

2020-2021 ուսումնական նոր տարեշրջանի մեկնարկին առիթով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Սուրբ Տրդատ արքայի բաց խորանին առջեւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վերջերս կատարուեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգը, որ ունի աւանդական բնոյթ: Վերամուտի ներկայ շրջանին Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւնը կրթական մշակներուն։ Արարողութեան մասնակցեցան կրթական պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, համալսարաններու նախագահներ եւ Հայաստանի շարք մը դպրոցներու մանկավարժներ:

Օրհնութեան արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը հայրապետական օրհնութիւնն ու պատգամը յղեց կրթութեան նուիրեալներուն։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած կրթական բարեփոխումներուն, որոնք զանազան պատճառներով վերապահութեան կը ստեղծեն թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ հանրային կարծիքի, մասնագիտական շրջանակներու մօտ։ Հարկ է նշել, որ Վեհափառ Հայրապետի այս ելոյթէն վերջ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Արայիկ Յարութիւնեան այցելութեան փութաց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին խօսքը։

Ուրախ ենք վերստին ընդունելու ձեզ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ուսումնական նոր տարուան սկիզբին բարի աւանդոյթով դուք ուխտաւորաբար ձեր քայլերը ուղղած էք Մայր Աթոռ՝ զօրանալու ձեր հաւատքին ու կոչումին մէջ եւ գովելի եռանդով ու անմնացորդ սիրով շարունակելու նոր սերունդը կրթելու ձեր նուիրական առաքելութիւնը։

Գոհունակ սրտով կատարեցինք կրթութեան մշակներուդ օրհնութեան կարգը՝ հայցելով Տիրոջ շնորհները, զօրակցութիւնն ու առաջնորդութիւնը ձեզի։ Մեր ժողովուրդը միշտ բարձրագոյն պատիւի արժանացուցած է կրթութեան մը-շակները՝ միջնադարեան վարդապետներէն մինչեւ մերօրեայ ուսուցիչները, խոնարհած է անոնց առաքելութեան առջեւ, որովհետեւ գիտակցած է ուսման եւ լուսաւորութեան արժէքը կեանքի մէջ, ինչպէս նաեւ դերակատարութիւնը ազգի մը ապագան կերտելու գործին մէջ։ Այս տարի, սիրելինե՛ր, առանձնակի իրավիճակի մէջ կը հանդիպինք իրարու։ Համաճարակի յառաջ բերած խնդիրները կը յուզեն մեր կեանքը, դժուարութիւններ կան նաեւ կրթութիւնը կազմակերպելու առումով։ Մենք կը հաւատանք, որ բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ, դուք՝ կրթութեան գործի նուիրեալներդ, ջանք ու եռանդ պիտի չխնայէք, որպէսզի գիտելիք եւ իմացութիւն փոխանցէք մեր զաւակներուն եւ կրթէք զանոնք։ Ձեր անդուլ աշխատանքով է, որ ուսումնական տարին յաջող պիտի ըլլայ՝ գոհունակութիւն պարգեւելով ինչպէս ձեզի, այնպէս ալ սորվողներուն, անոնց ծնողներուն եւ մեզի՝ բոլորիս։ Ձեր հաղորդած գիտելիքները, սերմանած հոգեւոր արժէքները ուժ եւ զօրութիւն են մեր հայրենիքին ու մեր ժողովուրդին համար։ Դուք միտք ու հոգի կրթողներ էք, այդ պատճառով ձեր առաքելութիւնը կ՚իրականացնէք մասնագիտական կարողութիւններով ու ձեր հեղինակութեամբ, ձեր դաւանած արժէքներով, ձեր սիրով առ հայրենին եւ ձեր հաւատքով առ Աստուած։ Ձեր աշակերտները կը կրեն կնիքը ո՛չ միայն ձեր մատուցած գիտելիքներուն, այլեւ՝ ձեր հոգիին ու ներաշխարհին, ձեր ազգասիրութեան ու հայրենանուիրումին։

Գիտելիքն ու ուսումը միշտ ալ առաջնահերթութիւն եղած են մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան ծիրէն ներս։ Սահակ-Մեսրոպեան դպրոցը ժամանակին համահունչ կրթութիւն ապահովելու իր դարաւոր աւանդներով դարձած է գրաւականը մեր ազգային-քրիստոնէական ինքնութեան եւ մեր ժողովուրդի գոյատեւման ու յարատեւութեան։ Այսօր նոյնպէս մեր եկեղեցին իր պարտքը կը նկատէ հայրենի պետութեան աջակցիլ՝ կրթելու մեր ժողովուրդի արժանաւոր զաւակները եւ մեր երկրի գիտակից քաղաքացիները, զարգացած, նպատակասլաց եւ պատասխանատուութեան բարձր զգացումով սերունդ մը, որ պատրաստ է դիմագրաւելու ժամանակի մարտահրաւէրները, տէր ըլլալու մեր երկրի ու ժողովուրդի ապագային։

Այսօր մենք կ՚ուզէինք անդրադառնալ նաեւ կրթութեան բնագաւառին մէջ ձեռնարկուող փոփոխութիւններուն: Մասնաւորապէս հայագիտական դասանիւթերու վերաբերող դիրքորոշումները պատճառ դարձած են մեր ժողովուրդի ու մտաւորականութեան մտահոգութեան, անհանգստութեան եւ յուզումին։ Մասնաւոր մտահոգութիւն է մեզի համար նաեւ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթի զեղչումը՝ զայն այլ դասանիւթերու մէջ տարրալուծելու ճամբով։ Գիտակրթական հաստատութիւններու, ինչպէս եւ մասնագիտական շրջանակներու հնչեցուցած տեսակէտներն ու առաջարկները ամենայն լրջութեամբ նկատի առնելը, բարձրաձայնուած խնդիրները համակողմանի քննարկելը պիտի նպաստեն կրթական բարեփոխումներու ընթացքին։ Կը ցաւինք նաեւ, որ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը տակաւին պէտք եղած քայլերը չէ առած՝ խորհրդակցելու եւ գործակցելու Մայր Աթոռի կրթական հարցերով ենթախումբին հետ։ Մենք համոզուած ենք, որ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն»ը պիտի դասաւանդուի որպէս առանձին դասանիւթ, իբրեւ վկայութիւն մեր կեանքին մէջ Հայոց Եկեղեցւոյ յարամնայ առաքելութեան եւ սխրանքներու արժեւորման՝ երեխաներուն ծանօթացնելով ոչ միայն մեր եկեղեցւոյ պատմութեան, այլեւ՝ Աստուածաշունչի պատգամներուն, քրիստոնէութեան հիմունքներուն ու արժէքներուն, մեր եկեղեցւոյ խորհուրդներուն ու ծէսերուն եւ բարեպաշտական սովորութիւններուն։ Իբրեւ ժողովուրդ՝ մենք մեզ քրիստոնեայ գիտենք։ Ուրեմն պիտի ճանչնանք մեր եկեղեցին, գնահատենք անոր առաքելութիւնը, որպէսզի մեր զաւակները իրենց մանկութենէն ջերմանան ու լեցուին հաւատքով, ըլլան Աստուծոյ սուրբ ներկայութեան բնակարան, բարիքի ձգտող, մարդասէր, ազնիւ, օրինապահ ու արդարամիտ։ Սաղմոսերգուի շուրթերով անտեղի չէ ըսուած՝ «Երանի այն ազգին, որուն օգնականը տէր Աստուած է» (Սաղմ. ԼԲ 12)։ Ինքնաճանաչ, քրիստոնէական արժէքները կարեւորող, աստուածասէր եւ հայրենասէր սերունդ կրթելով՝ մենք պիտի զօրանանք, զարգանանք ու յառաջդիմենք եւ ընթանանք դէպի մեր նուիրական նպատակներու իրագործումը։

Համալսարաններու սիրելի՛ նախագահներ, մանկավարժներ, կրթութեան ոլորտի պատասխանատուներ, ուսումնական նոր տարուան առիթով հայրապետական մեր սէրն ու օրհնութիւնը վերստին կը բերենք ձեզի։ Կը մաղթենք, որ երկնային բարիքները միշտ հեղուին ձեր ընտանեկան յարկերէն ներս, եւ Աստուած Սուրբ Հոգիի շնորհներով զարդարէ ձեզ եւ ձեր սաները, նորանոր յաջողութիւններ ու ձեռքբերումներ պարգեւէ գիտութեան ու կրթութեան շաւիղներուն մէջ ձեր եռանդագին ու շնորհակալ առաքելութեան ճամբուն վրայ։

Թող Տէրը խաղաղութեան մէջ պահէ Հայաստան եւ Արցախ հայրենի մեր երկիրը, աշխարհասփիւռ մեր ողջ ժողովուրդը եւ պահպանէ Իր Սուրբ Աջի ամենախնամ հովանիին ներքոյ այսօր եւ միշտ. ամէն։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2020