Երկուշաբթի 7, Հոկտեմբեր 2024
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՀԻՒՐՆԸԿԱԼԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ՄԸ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ ընդունեց Իսրայէլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան Պաղեստինի գործերու գծով բաժանմունքի նորանշանակ ղեկավար Հենս Ուեչսէլը, որուն կ՚ընկերանային դեսպանութենէն այլ պատասխանատուներ։ Սա նորանշանակ պաշտօնատարին առաջին այցելութիւնն էր Հայոց Պատրիարքարան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին շնորհաւորեց Ուեչսէլը եւ իր նոր առաքելութեան համար յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։
Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան Սուրբ Աթոռի գործունէութեան, Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ համայնքներու օրակարգին վերաբերեալ զանազան նիւթեր։
Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2024