ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԷԻՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ

Պէյրութի մէջ, Հայ Կաթողիկէ Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ պատրիարքանիստ եկեղեցւոյ երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւն մը։ Լիբանանէ ներս եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան բացման առթիւ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական այս արարողութիւնը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան։ Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքը այս առթիւ հիւրընկալեց Լիբանանէ ներս գործող զանազան եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներ։

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, ամէն տարի յունուարի երկրորդ շաբաթը կը յատկացուի աղօթքի՝ քրիստոնէից միութեան համար։ Այս ծիրէն ներս երբեմն եկեղեցիներ առանձնաբար, երբեմն ալ միասնաբար կրօնական հաւաքներ կը կազմակերպեն եւ աղօթքներով, շարականներով, Աւետարանի ընթերցումներով եւ քարոզներով կը շեշտեն համաքրիստոնէական միութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունուար 18, 2022