ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԱՌՑԱՆՑ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովը վերջին օրերուն առցանց ձեւաչափով ժողով մը գումարեց։ Անթիլիասի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ նիստը տեղի ունեցած է փետրուարի 13-ին։ Հեռավար լիագումար ժողովին նախագահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Նիստի համաատենապետներն էին Ստեփան Տէր-Պետրոսեան (Պէյրութ) եւ Գրիգոր Մահսերեճեան (Ապու Տապի)։ Ըստ այս կապակցութեամբ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան, առաջին հերթին դիւանապետը ամփոփ ներկայացուց նախորդ երկու նիստերու ատենագրութիւններու գլխաւոր կէտերը՝ յատկապէս ծանրանալով Լիբանանի հայութեան վերականգնումին, Արցախի պատերազմի յառաջացուցած տագնապին վրայ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մօտեցումներով, անոր կողմէ կատարուած ընկերային ծառայութիւններով եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ունեցած միջեկեղեցական ու պետական շփումներով հանդերձ։ Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնը հանդէս եկաւ լայն զեկուցումով մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ հետեւեալ յստակ կէտերուն։

Ա) Հակառակ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն, Մայրավանքէն ներս, ինչպէս մեր բոլոր թեմերուն մէջ, եկեղեցական արարողութիւնները կանոնաւոր կերպով կը կատարուին եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններու ու Սուրբ Գրոց սերտողութիւններու ճամբով հոգեւոր սնունդ կը տրուի մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդգծելով կարեւորութիւնը այս աշխատանքներուն, անհրաժեշտ նկատեց, որ անոնք շարունակուին վերանորոգ թափով։

Բ) Նորին Սրբութիւնը ցաւով անդրադարձաւ, որ համաճարակին զոհ գացած են համայնքային պատասխանատուներ ու ազգայիններ, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակներ՝ գրեթէ բոլոր գաղութներէ ներս։ Պետական ու առողջապահական պատասխանատուներուն կողմէ կատարուող թելադրութիւնները՝ թագաժահրէն հեռու պահելու ձգտող, անհրաժեշտ է, որ ամբողջութեամբ յարգուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ, շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Գ) Համավարակի ու տնտեսական տագնապի ստեղծած կացութիւնը մեզ կը մղէ առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայելու ընկերային ծառայութեան։ Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով ողջունեց առաջնորդարաններուն եւ համայնքային կազմակերպութիւններուն կողմէ կատարուած մարդասիրական աշխատանքները։ Ան նաեւ հպանցիկ կերպով անդրադարձաւ նոյն ուղղութեամբ Կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող աշխատանքներուն, յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ։ Ան նաեւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց այն բոլոր ազգայիններուն ու թեմերուն, որոնք նիւթապէս կ՚աջակցին մեր ժողովուրդի կարիքներուն։

Դ) Լիբանանի հայութեան վերականգնումը Նորին Սրբութիւնը նկատեց յոյժ կարեւոր։ Այս ծիրին մէջ անցնող ամիսներուն գործնական քայլեր առնուեցան յատկապէս վնասուած տուներու վերանորոգման ուղղութեամբ։ Ան իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ այս աշխատանքներուն իրենց նիւթական մասնակցութիւնը բերած մեր բոլոր կառոյցներուն, թեմերուն ու ազգայիններուն՝ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ։

Ե) Անդրադառնալով Արցախի պատերազմին ստեղծած կացութեան, Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, թէ այս ուղղութեամբ իր տեսակէտը, եւ բնականաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մօտեցումը յստակօրէն արտայայտած է։ Ամէն գնով բեւեռացումներէ հեռու պէտք է պահել Հայաստանը, նոր ընտրութիւն կազմակերպելով եւ նոր իշխանութիւն հաստատելով. միաժամանակ, լծուելով Արցախի անկախութիւնը ապահովելու աշխատանքներուն։

Զ) Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ 2021 տարին հռչակած է «Արցախի տարի»։ Այս ուղղութեամբ իր հռչակագիրը կարդացուած է մեր եկեղեցիներէն ներս։ Հռչակագիրին մէջ կը շեշտուի Արցախի կարիքներուն օժանդակելու, ինչպէս նաեւ Արցախի անկախութեան համար յատուկ աշխատանքներ տանելու հրամայականը։

Է) Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ Կաթողիկոսարանին դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւններուն։ Թեմերէն ներս ստեղծուած տնտեսական դժուարութիւնները, Լիբանանի տնտեսական տագնապը եւ դրամատնային կառոյցին յառաջացուցած խնդիրները իրենց ժխտական անդրադարձը ունեցան Կաթողիկոսարանի տնտեսական կացութեան վրայ։ Հակառակ այս իրողութեան, ան հրամայական նկատեց թեմերուն կողմէ Աթոռատուրքի գծով յատուկ ճիգ մը կատարելու անհրաժեշտութիւնը։

Ը) Սիսի Կաթողիկոսարանին վերադարձի գծով Թուրքիոյ պետութեան դէմ Կաթողիկոսարանի դատին անդրադառնալով, Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդհանուր ակնարկ մը կատարելով վերջին զարգացումներուն եւ թրքական դատարանին կողմէ կատարուած յետաձգումներուն՝ յայտնեց, որ դատի թուական ճշդուած է 21 մարտ 2021-ը։

Թ) Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ յայտնեց, որ հակառակ գործնական դժուարութիւններուն, Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուած հայագիտական ու մանկավարժական կեդրոնները կը գործեն առցանց։ Դպրեվանքը, «Թռչնոց բոյն»ը, Ազգային Ծերանոցը եւ Ազգային Բուժարանը բնական կերպով կը շարունակեն կատարել իրենց աշխատանքները։ Կաթողիկոսարանը եւս կը շարունակէ իր աշխատանքները։

Ընդարձակ զեկուցումէն վերջ Արամ Ա. Կաթողիկոս ժողովականներուն կողմէ ուղղուած կարգ մը հարցումներուն պատասխանելով տուաւ յաւելեալ բացատրութիւններ եւ լուսաբանութիւններ։ Հեռավար քննարկման մասնակիցները մատնանշեցին նաեւ Կիլիկեան Աթոռի թեմերուն վերաբերեալ զանազան մտահոգութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ անոնք արտայայտեցին իրենց գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ թէ՛ Կաթողիկոսարանին եւ թէ թեմերուն կողմէ տարուած աշխատանքներուն եւ գործադրուած ճիգերուն համար՝ շփումներու, վարչական աշխատանքներու եւ ժողովուրդի կարիքներու դիմագրաւման ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2021