ՍՐԲՈՑ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ Կ՚ԱՆՑԸՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան միաբաններէն Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեանը եւ Տ. Արտակ Աբեղայ Տիւշէնեանը, որոնք տարեկան արձակուրդով կը գտնուին քաղաքիս մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան երկու երիտասարդ անդամները, որոնք իրենց կեցութեան առիթէն օգտուելով փութացած էին քաղաքավարական այցելութեան։ Հիւր միաբանները ուրախութիւն յայտնեցին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութիւնը վայելելու շարժառիթին առթիւ։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան փոխանցեցին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի եղբայրական ողջոյնները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Երուսաղէմի Պատրիարքի ողջոյններուն համար եւ փոխադարձեց եղբայրական սիրով։ Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան երկու երիտասարդ անդամներու ներկայութեան բերումով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անոնց տուաւ իր օրհնութիւնները եւ բարի կեցութիւն մաղթեց արձակուրդի օրերուն համար։ Ի յիշատակ այս այցելութեան, Նորին Ամենապատուութիւնը հիւր հոգեւորականներուն նուիրեց Պատրիարքարանի հրատարակութիւններէն նմոյշներ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօրմէ հրաժեշտ առնելէ վերջ, հրատարակչութեան բաժնի պատասխանատու Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի ուղեկցութեամբ, Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեան եւ Տ. Արտակ Աբեղայ Տիւշէնեան այցելեցին Պատրիարքարանի թանգարանը եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրը։

Ուրբաթ, Փետրուար 18, 2022