ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ՁՈՒԿ ՈՒՏԵԼ ՊԱՀՔԻՆ

Մեծ պահքի երեսունվեցերորդ օրն է:

Վերջին տարիներուն Մեծ պահքի եւ ընդհանրապէս միւս պահքերու ընթացքին, շատեր սկսած են ձուկ ուտել, պատճառաբանելով, թէ Տէր Յիսուս ձուկը օրհնած է, ինչո՞ւ չուտեմ: Կամ, ուրիշներ, կը պատճառաբանեն, թէ այսինչ կամ այնինչ հոգեւորականին հարցուցինք եւ ան ըսաւ մեզի, թէ կարելի է ուտել: Կամ, ուրիշներ Կաթոլիկ եկեղեցին կը մէջբերեն, արդարացնելու համար իրենց վերաբերմունքը:

Առաջին խումբին կը պատասխանենք, ըսելով. Տէր Յիսուս թզենին անիծեց. հիմա ի՞նչ, մարդիկ պէտք չէ՞ թուզ ուտէին եւ ուտեն ներկայիս այլեւս: Ուշադիր պէտք է ըլլանք եւ մեր քմահաճոյքին համաձայն չբացատրենք Աստուածաշունչը: Աւելին, չիյնանք այն մեղքին մէջ, որ մեր օրերուն շատեր կ՚իյնան, այն է, փոխանակ իրենք համակերպին Աստուածաշունչին, այսինքն՝ իրենց կեանքը փորձեն ապրիլ Աստուածաշունչին համաձայն, Աստուածաշունչը կը յարմարեցնեն իրենց կեանքին: Այնպէս որ, այո՛ Տէր Յիսուս օրհնեց ձուկը, բայց այդ մէկը պէտք չէ առարկութիւն բռնենք ու պահքի ընթացքին ձուկ ուտենք, որովհետեւ ի վերջոյ ձուկն ալ կենդանի է, իսկ պահքի ընթացքին կարելի չէ կենդանական որեւէ մէկ սնունդ օգտագործել:

Երկրորդ խումբին կը պատասխանենք, ըսելով. ճիշդ է, որ այս կամ այն հոգեւորականը կրնայ նման կերպ պատասխանած ըլլայ ձեզի, բայց այդ երաշխիք պէտք չէ ըլլայ ձեզի համար: Այդտեղ, որովհետեւ, մէկ կողմէ հոգեւորականին չիմացութիւնը դեր կը խաղայ, միւս կողմէ ձեր քմահաճոյքը, ձեր եսը դեր կը խաղայ: Արդարեւ, կոյրը չի՛ կրնար ուրիշ կոյրի մը առաջնորդել: Այստեղ երբ կոյր կ՚ըսենք, նկատի ունինք հոգեւոր գիտելիքներու չիմացութիւնը: Նման պարագայի երբ նոյնիսկ երեք-չորս հոգեւորական նոյն կերպ պատասխանեն եւ այդ ձեր մէջ կասկած արթնցնէ, դիմեցէք ուրիշ հոգեւորականի մը, քանի որ հաստատօրէն պիտի հանդիպիք բանիմաց եւ Աստուածավախ հոգեւորականներու, որոնք ճիշդ կերպով պիտի ուսուցեն եւ առաջնորդեն ձեզ:

Ինչ կը վերաբերի երրորդ խումբին, ապա կը պատասխանենք, ըսելով. աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին մէկ շարք քրիստոնէական համայնքներ, կամ եկեղեցական ընտանիքներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, կամ մէկ խումբը ունին իրենց յատուկ դաւանաբանութիւնը, աւանդութիւնները, ծէսերը, համոզումներն ու սկզբունքները: Այս բոլորը պէտք չէ՛ խառնել իրար: Միաժամանակ պէտք չէ դատենք նաեւ: Ի՛նչ եկեղեցական ընտանիքի որ կը պատկանինք մենք, պարտաւոր ենք այդ եկեղեցական ընտանիքին կարգն ու կանոնները պահել, գործադրել ու անոնցմով առաջնորդուիլ, առանց համեմատութիւններու մէջ մտնելու:

Աւարտենք, Յովհաննէս Երզնկացիի հետեւեալ միտքով, որ յստակ յայտարարութիւն մըն է, թէ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին չ՚արտօներ իր հաւատացեալներուն Մեծ պահքի եւ ընդհանրապէս տարուան միւս պահքերու ընթացքին ձուկ ուտել, ինչպէս նաեւ արբեցութեամբ զբաղիլ: Ուտողներու եւ արբեցողներու պարագային ալ, շատ ծանր պատիժ սահմանուած է: Երզնկացին կը գրէ. «Այն քրիստոնեան որ կը սիրէ պահքը, սուրբերու փառքին կ՚արժանանայ, իսկ ան որ սրբութեամբ չի՛ պահեր զայն, այլ ձուկ ուտելով կամ արբեցութեամբ կը լուծէ, պիղծերուն եւ չարերուն հետ պիտի տանջուի»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024