ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Եգիպտոսի մայրաքաղաքը՝ Գահիրէի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովը, որուն կը մասնակցի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Համաժողովի տանտէրն է Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Թաուատրոս Պատրիարքը, որու հրաւէրին ընդառաջ Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնած է Գահիրէ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ հինգ հոգիէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը կ՚ընկերանայ իրեն։

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի բացման նիստին ժամանակ Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Հսկայ տագնապներու դիմաց է Միջին Արեւելքը. տագնապներ, որոնց անմիջականօրէն ենթակայ են նաեւ եկեղեցիները։ Այս կացութեան դիմաց սովորական գործակցութենէ անդին անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել ներքին եկեղեցական ու միջեկեղեցական կեանքը եւ ճշդել առաջնահերթութիւնները, որոնք համահունչ պէտք է ըլլան ներկայ պայմաններուն»։ Ելոյթին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս դիտել տուաւ նաեւ, որ քրիստոնեաներու եւ իսլամներու գոյակցութիւնը աստուածաբանական երկխօսութենէ անդին պէտք է վերածուի գոյութենական գործակցութեան՝ այն հասարակաց արժէքներուն եւ մտահոգութիւններուն շուրջ, որոնք երկու կրօնները իրարու կը միացնեն։ Ուստի, իր համոզմամբ, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդը կոչուած է այդ ուղղութեամբ դիմելու կարեւոր նախաձեռնութիւններու՝ տարածաշրջանի իսլամական գլխաւոր կեդրոններուն հետ։

Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիաս պիտի վերադառնայ այս ուրբաթ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2022