ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒԱԾ ԿԱԶՄՈՎ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, ժողովի օրակարգին վրայ կը գտնուին Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգութեան ընթացքին, միւռոնօրհնութեան կազմակերպման, Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակին, Հայաստանի եւ Արցախի թեմերէն ներս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կրթադաստիարակչական առաքելութեան, ինչպէս նաեւ հայոց եկեղեցւոյ վարչական, կանոնական ու հովուական կեանքին վերաբերեալ հարցեր։

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը այս տարի արդէն երկրորդ անգամ ընդլայնուած կազմով նստաշրջան մը կ՚իրականացնէ։ Առաջինը տեղի ունեցած էր անցեալ Մեծ պահքի շրջանին՝ մասնակցութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Այժմու նստաշրջանը կը յաջորդէ Վեհափառ Հայրապետի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ տուած այցելութեան։

Երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ԳՀԽ կ՚անդրադառնայ Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակին՝ մինչ ներքին քաղաքական գետնի վրայ մեծ լարուածութիւն յառաջացած է երկրէն ներս եւ վերջին շրջանին բարձրաստիճան եկեղեցականներ քննադատական յայտարարութիւններով հանդէս կու գան իշխանութիւններու հասցէին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2022