ԵՒՐՈԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պուրիչի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ Երեւանի մէջ շփումներ ունեցաւ՝ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուելով Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Եւրոխորհուրդի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արման Խաչատրեան։

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի Հայաստան այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ դժուարին իրավիճակի մը մէջ, երբ երկրի ու ժողովուրդին առջեւ ծառացած են յետպատերազմեան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ՝ անվտանգային հարցեր, չլուծուած ընկերային, տնտեսական եւ մարդասիրական խնդիրներ։ Խօսելով տարածաշրջանէ ներս կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման կարեւորութեան մասին՝ Նորին Սրբութիւնը տարակուսանք յայտնեց հարեւան երկիրներէն շարունակ հնչած սպառնալիքներուն եւ ռազմատենչ յայտարարութիւններու մթնոլորտին մէջ պարտադրուող խաղաղութեան հնարաւորութեան առընչութեամբ։

Շաբաթ, Յունիս 18, 2022