ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Լիբանանի մասնաճիւղի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանը։ Այս առթիւ ատենապետը լայն տեղեկութիւններ տուաւ Լիբանանէ ներս ՀԲԸՄ-ի կողմէ կատարուած աշխատանքներուն եւ նախատեսուած ծրագրերուն շուրջ։

Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ ՀԲԸՄ-ի պատմական համագործակցութեան։ Նորին Սրբութիւնը յատկապէս կանգ առաւ ՀԲԸՄ-ի անդամներուն կողմէ Կաթողիկոսարանին համար կատարուած բարերարութիւններուն վրայ՝ յոյս յայտնելով, թէ նոյն ոգիով ու նուիրումով պիտի շարունակուի համագործակցութիւնը։ Արդարեւ, այսօր փաստօրէն Անթիլիասը համազգային առաքելութեան եւ ծառայութեան լծուած է։ Միեւնոյն ժամանակ, Արամ Ա. Կաթողիկոս գնահատանքով արտայայտուեցաւ ՀԲԸՄ-ի՝ Լիբանանի հայութեան վերականգնման նպատակով տարած աշխոյժ աշխատանքին շուրջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021